Որոնել

Քոնկրեսականներ Քոնկրեսականներ 

Քոնկրեսականներ Հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը պահանջեցին

ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի մի շարք անդամներ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, պահանջեցին Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական պատանդներուն անյապաղ ու առանց նախապայմաններու ազատ արձակումը՝ բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով։ Անոնք նաեւ դատապարտեցին Ղարաբաղի հայաթափումը, գերիներու կեղծ դատավարութիւններն ու հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը՝ կոչ ընելով աւելի մեծ միջազգային ճնշում բանեցնելու Պաքուի վրայ։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա, Ճուտի Չու եւ Լորա Ֆրիտմըն 23 յունիսին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տուին «1000 օր. Հիմա ազատ արձակեցէ՛ք հայ պատանդները» խորագրեալ մամլոյ ասուլիսը` Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահուող Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղաքացի պատանդներուն բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցաւ անոր գործադիր վարիչը` Արամ Համբարեան:

Առնուազն 19 հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքային պատանդներ կը շարունակեն ապօրինի կերպով պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ: Անոնց մէջ կան` Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան (2022-2023), Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան (2020-2023), Բակօ Սահակեան (2007-2020) եւ Արկադի Ղուկասեան (1997-2007), ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան եւ նոյն բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան:

Յատկանշական է, որ մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ այն միջոցին, երբ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կը պատրաստուի քննարկել Շըրմընի օրէնսդրական փոփոխութեան առաջարկը, որ Պաքուէն կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները:

Իր խօսքին մէջ, Շըրմըն յիշեց 2023-ին Ղարաբաղը հայաթափելու Ազրպէյճանի արշաւը, սկսելով շրջափակումէն ու հասնելով ռազմական գործողութիւններուն, որոնց պատճառով աւելի քան 100.000 հայեր բռնի կերպով տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն: Ան արտայայտուեցաւ Ղարաբաղի ղեկավարներուն բեմականացուած դատավարութիւններուն եւ անոնց ընթացքին ներկայացուած երեւակայածին ամբաստանութիւններուն մասին` շեշտելով, որ իսկական խաղաղութիւն կարելի է հաստատել բոլոր գերիներուն ազատ արձակումէն ետք:

Չու խօսեցաւ Ղարաբաղ կատարած իր այցելութեան մասին, որուն պատճառով Պաքու արգիլած էր անոր Ազրպէյճան մուտքը: Ան շեշտեց, որ տեղահանուած հաերը պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը, եւ անմիջական քայլերու պէտք է դիմուի պաշտպանելու համար Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը:

Ֆրիտմըն դատապարտեց հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը բնաջնջելու Պաքուի քաղաքականութիւնը` Ազրպէյճանի վարչախումբը պատասխանատուութեան կանչելու կոչ ուղղելով:

Քոսթա պահանջեց Ազրպէյճանէն, որ իր ուժերը հեռացնէ Հայաստանի հողերէն, եւ դատապարտեց հայ գերիները պատանդ պահելու Պաքուի քաղաքականութիւնը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցնէ Պաքուի վրայ` ապահովելու համար հայ գերիներուն ազատ արձակումը։

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 07:00