Ռուպիօ. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երէկուան բանակցութիւններու արդիւնքները շատ լաւ էին»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց. «Հորմուզի նեղուցէն անցքը պէտք է պատերազմէն առաջուան կացութեան վերադառնայ, եւ կը յուսանք, որ այսօր կը կարողանանք երէկ Լիբանանի եւ Իսրայէլի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին վրայ յենիլ»:
«Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երէկուան բանակցութիւններուն արդիւնքները շատ լաւ էին, եւ փոխըմբռնման յուշագիրը համապարփակ համաձայնութիւն մը չէ, այլ բանակցութիւններու ընդհանուր գիծեր մշակող փաստաթուղթ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Իրանի գործակատարներու գոյութեան շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի չըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իրան Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի եւ Եմէնի մէջ հուսիներուն նման շարք մը խմբաւորումներ կը ֆինանսաւորէ եւ այդպիսով կը միջամտէ այդ երկիրներու հարցերուն»:
«Օմանցիները ըսին, թէ Հորմուզի նեղուցէն անցքի համար որեւէ տուրքի պարտադրման չեն զօրակցիր, եւ վերջաւորութեան Հորմուզի նեղուցէն անցքի դիմաց որեւէ տուրք պիտի չըլլայ», նշեց ան:
«Ծոցի երկիրներուն հետ Իրանի վերաշինութեան ֆոնտի ստեղծման նիւթը չքննարկեցինք», ըսաւ Ռուպիօ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Մեր հասարակաց նպատակը շրջանին մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնն է»` աւելցնելով. «Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ որդեգրուելիք որեւէ որոշում պիտի երաշխաւորէ շրջանին մէջ մեր դաշնակիցներուն շահերը»:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.