Որոնել

Պոլսոյ հայկական գերեզմանատունը Պոլսոյ հայկական գերեզմանատունը 

Պոլսոյ հայկական գերեզմանատան մէջ` վանտալիզմի դէպք

Պոլսոյ Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հայկական գերեզմանատան մէջ անհայտ անձ մը վնասած է վեց դամբարան եւ աղբիւր մը, ինչ որ խոր ցաւ պատճառած է համայնքին, իսկ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը խստիւ դատապարտած է վանտալիզմի այս արարքը։ Իրաւապահ մարմինները արագ քննութիւն սկսած են, ձերբակալած են կասկածելի մը, եւ գործը կը շարունակուի դատական ընթացակարգով։

Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Պաղլարպաշը թաղամասի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը տեղեկացուցած է, որ 7-8 յուլիսի լուսցող գիշերը անձ մը գերեզմանատուն մուտք գործելով վնասած է վեց դամբարան եւ աղբիւր մը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը:

«Դէպքը խորապէս վիրաւորած է համայնքի անդամները, մասնաւորաբար անոնք, որոնց սիրելիներու դամբարանները կը գտնուին սոյն գերեզմանատան մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Թաղային խորհուրդը անմիջապէս դիմած է անվտանգութեան պատկան մարմիններուն, որոնք ձեռնարկած են շտապ քայլերու այդ արարքի հեղինակի ինքնութիւնը բացայայտելու եւ զայն պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Դատապարտելով այդ յարձակումը` պատրիարքութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ անվտանգութեան պաշտօնատարներուն, որոնք «դէպքը բացայայտելու նպատակով իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն խղճմտութեամբ եւ մեծ զգայնութեամբ», եւ յոյս կը յայտնէ, որ յանցագործը պիտի յանձնուի արդարադատութեան:

«Պատրիարքական աթոռը մօտէն կը հետեւի դէպքին վերաբերող բոլոր զարգացումներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Էրմենի Հապեր» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է, թէ իրաւապահ մարմիններուն տրուած յանձնարարականներուն հիմամբ իբրեւ կասկածելի ճանչցուած է Մ.Կ.-ն: Ան կալանաւորուած է 48 ժամը չամբողջացած` 9 յուլիս 2026-ին:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կասկածելին 10 յուլիս 2026-ին բերման ենթարկուած է Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւն, ապա կալանքի միջնորդութեամբ վերջինիս ուղարկած են դատարան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 09:00