Որոնել

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Սուրբ Ղազար կ'այցելէ։ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Սուրբ Ղազար կ'այցելէ։ 

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Սուրբ Ղազար կ'այցելէ։

Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիայի ընկերակցութեամբ, այցելեց Սուրբ Ղազար Մխիթարեան Մայրավանք, ուր արժանացաւ հանդիսաւոր ընդունելութեան եւ մասնակցեցաւ խաղաղութեան աղօթքի։ Այցելութեան ընթացքին ան ծանօթացաւ Մայրավանքի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան, հանդիպեցաւ միաբաններուն եւ իր տպաւորութիւնը արձանագրեց Մայրավանքի արծաթեայ մատեանին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի 9 Յուլիս 2026ին, յետմիջօրէին Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանք այցելեց, ընկերակցութեամբ Վենետիկի Պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիայի։ Վանաբնակ Հայրերն ու եղբայրները զինք դիմաւորեցին նաւամատոյցին, ապա զինք առաջնորդեցին Եկեղեցի ուր տէրունական աղօթքէն ետք Հ. Վահան Վարդապետ Օհանեան բարեգալուստի խօսքը ուղղեց Ծիրանաւորին, շեշտելով իր դերակատարութիւնը Սուրբ երկրի մէջ որպէս պատգամաւոր Խաղաղութեան, համամիութեան խթան, անարդարութեան դէմ պայքարող, մխիթարանք տարաբախտներուն եւ յոյս ներշնչող տարածաշրջանի մարդոց, մաղթելով ամենաբարին մանաւանդ Աստուծոյ օրհնութիւնները եւ Տիրամօր հովանին։

Ապա յատուկէն կատարուեցաւ խաղաղութեան աղօթք հայցելով Աստուածածնի բարեխօսութիւնը։
Որմէ ետք Ծիրանաւորը շրջայցով մը ծանօթացաւ Մայրավանքի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան այցելելով թանգարանը, մատենադարանը եւ ձեռագրատունը։

Հուսկ Միաբաններու հետ հանդիպում ունեցաւ որուն ընթացքին իր տպաւորութիւնը եւ ստորագրութիւնը արձանագրեց արծաթեայ մատեանին մէջ։ Որմէ ետք հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 10:04