Որոնել

Պատերազմ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ Պատերազմ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ 

Քրեմլին Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ Քոսթանթինիւքա քաղաքի գրաւումը յայտարարեց

Քրեմլինը յայտարարեց, թէ ռուսական ուժերը ամբողջովին վերահսկողութեան տակ առած են Արեւելեան Ուքրանիոյ Քոսթանթինիւքա քաղաքը, զոր կը նկատուի Տոնպասի ռազմավարական կարեւոր յենակէտ։ Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ քաղաքի գրաւումը մեծ ռազմավարական նշանակութիւն ունի, եւ յայտարարեց, թէ ուքրանական հարուածներուն զուգահեռ Ռուսիան պիտի ընդլայնէ իր ստեղծելիք «ապահովական գօտին»։

Քրեմլին յայտարարեց, թէ ռուսական ուժերը գրաւած են Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող Քոսթանթինիւքա քաղաքը, որ ուքրանական ուժերու յենակէտ կը նկատուի եւ Տոնպաս շրջանին մէջ տակաւին Ուքրանիոյ իշխանութեան տակ գտնուող վերջին մեծ քաղաքը առաջնորդող ճամբուն վրայ կը գտնուի:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ քաղաքը ամբողջութեամբ կը գտնուի ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս մասին խօսած է ռուս զինուորականներուն հետ:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է. «Թշնամիին ռուսական ենթակառոյցներու վրայ հարուածները որքան շատնան, այնքան Ռուսիոյ ստեղծելիք ապահովական գօտին պիտի ընդլայնուի»:

«Քոսթանթինիւքայի ազատագրումը ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունի», շեշտած է ան:

Փութին յունիսին յայտարարած էր, թէ ռուսական ուժերը Քոսթանթինիւքան իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու եզրին կը գտնուին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/07/2026, 10:11