Որոնել

Ֆրանսայի մէջ անբնական տաք Ֆրանսայի մէջ անբնական տաք   (ANSA)

Ֆրանսայի մէջ անբնական տաքին պատճառով մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի քան 2 հազար մարդ մահացած է

Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարը տեղեկացուցած է որ վերջերս տեղի ունեցած տաքի ժամանակ հանրապետութեան մէջ 45-էն բարձր տարիքի քաղաքացիներու շրջանակին մէջ մահուան ակնյայտ աճ նկատուած է:

22-էն 28 յունիսին Ֆրանսայի մէջ անբնական տաքի պատճառով մահացած է աւելի քան երկու հազար քաղաքացի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Սթեֆանի Ռիսթ:

«Այսօր առաւօտեան Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ տուեալները 22-էն 28 յունիս շաբթուան ընթացքին մահերու թիւին, որ կը կազմէ շուրջ 2025 մահուան նոր դէպք», ըսած է Ռիսթ:

Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարը աւելցուցած է, որ վերջերս տեղի ունեցած տաքի ժամանակ հանրապետութեան մէջ 45-էն բարձր տարիքի քաղաքացիներու շրջանակին մէջ մահուան ակնյայտ աճ նկատուած է:

Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի շարք մը այլ երկիրներ, վերջին օրերուն կը տառապի անբնական տաքէ:

Երկրի օդերեւութաբանական ծառայութիւնը նախապէս ատոր պատճառով եղանակային վտանգի բարձրագոյն մակարդակ հաստատած է 96 շրջաններէն 72-ին մէջ: Ասիկա նոր մրցանիշ դարձած է:

Ջերմաստիճանը մօտեցած է 40 աստիճանի նշագիծին, իսկ որոշ վայրերու մէջ նոյնիսկ զայն գերազանցած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/07/2026, 09:44