Որոնել

Կազա, պատերազմ Կազա, պատերազմ  (AFP or licensors)

Միջին Արեւելք․ Իսրայէլեան նոր հարուածներ Կազայի մէջ․ ինը զոհ, անոնց մէջ՝ երեխաներ

Իսրայէլեան նոր հարուածներու հետեւանքով Կազայի մէջ առնուազն ինը պաղեստինցի, որոնց շարքին երկու երեխայ, զոհուած են, մինչ մարդասիրական կացութիւնը կը շարունակէ վատթարանալ։ Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան Կազան բնորոշած է որպէս «աղէտալի»՝ կոչ ուղղելով չլքելու Սուրբ Երկիրը եւ աջակցելու խաղաղութեան ու բնակչութեան։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան նոր հարուածներու հետեւանքով առնուազն ինը պաղեստինցիներ զոհուած են, որոնց շարքին՝ երկու երեխայ։ Տեղական առողջապահական աղբիւրներու համաձայն, զոհերը արձանագրուած են Կազա քաղաքի եւ Խան Եունիսի շրջանին մէջ։

Ալ-Մաւասիի շրջանին, ուր ապաստան գտած տեղահանուածներու վրաններ կը գտնուին, օդային հարուածի մը հետեւանքով զոհուած են չորս հոգի, որոնց շարքին՝ տասը տարեկան երեխայ մը։ Զէյթուն թաղամասին մէջ ալ սպաննուած է վեց տարեկան ուրիշ երեխայ մը։ Անցեալ հոկտեմբերէն ուժի մէջ մտած զինադադարէն ի վեր, երկու կողմերը իրար զիրար մեղադրելով զինադադարի խախտումներու համար, աւելի քան հազար պաղեստինցիներ զոհուած են։

Սուրբ Երկրի Լատինաց պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան, Վենետիկի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին, Կազայի մարդասիրական կացութիւնը բնորոշած է որպէս «աղէտալի»։ Ան նշած է, թէ բնակչութիւնը կը գոյատեւէ առանց հիմնական ենթակառոյցներու, վրաններու մէջ, որոնք ողողուած են առնետներով, իսկ այս պայմանները ծանր հետեւանքներ կը ձգեն յատկապէս երեխաներու եւ կիներու վրայ։

Կարդինալը շեշտած է, որ խաղաղութեան յոյսը կրնայ ծագիլ քաղաքացիական հասարակութենէն, միաժամանակ դատապարտելով ատելութեան եւ փոխադարձ անվստահութեան մթնոլորտը, որ կը շարունակէ սնուցանել բռնութիւնը։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Լատին Պատրիարքարանը կը փորձէ վերաբանալ Կազայի դպրոցներէն մէկը՝ երեխաներուն ապահովելով ուսում, սնունդ եւ հոգեբանական աջակցութիւն։

Մինչ այդ, Կազայի Սուրբ Ընտանիք կաթողիկէ ծուխին մէջ, հայր Գաբրիէլ Ռոմանելլին տեսանիւթ մը հրապարակած է՝ ցուցադրելով, թէ ինչպէս, հակառակ ելեկտրականութեան անջատումներուն եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւններուն, քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ միասին հետեւած են Եգիպտոսի եւ Արժանթինի միջեւ ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան հանդիպումին։ Քահանան ընդգծած է, որ նման խաղաղ պահերը իսկական մխիթարութիւն են պատերազմի կիզակէտին մէջ ապրող ժողովուրդին համար։

Լարուածութիւնը կը շարունակուի նաեւ Լիբանանի հարաւին մէջ։ Նապատիէի մօտակայքին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի վերագրուող հարուածի մը հետեւանքով երկու մարդ զոհուած է։ Պէյրութի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, մարտի 2-էն ի վեր իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով Լիբանանի մէջ արձանագրուած է 4.321 զոհ եւ 12.200-է աւելի վիրաւոր։ Իսկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, թէ Իսրայէլ «ոչ ոքի արտօնութեան կարիքը ունի Լիբանանի մէջ մնալու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/07/2026, 11:30