Որոնել

Իրաք, պատերազմ, մշակոյթ, ժառանգութիւն Իրաք, պատերազմ, մշակոյթ, ժառանգութիւն  (AFP or licensors)

ԻՒՆԵՍՔՕ․ «Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ժողովուրդներու ինքնութեան պաշտպանութիւնն է»

ԻՒՆԵՍՔՕ-ն կը զգուշացնէ, որ զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին մշակութային ժառանգութիւնը աւելի ու աւելի կը դառնայ կանխամտածուած հարուածներու թիրախ։ Մզկիթներ, եկեղեցիներ, դամբարաններ, գրադարաններ եւ պատմական յուշարձաններ կը ոչնչացուին ոչ միայն որպէս պատերազմական վնաս, այլ ժողովուրդներու յիշողութիւնը, ինքնութիւնն ու մշակոյթը ջնջելու նպատակով։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Պատերազմներու ընթացքին մզկիթներ, դամբարաններ, գրադարաններ եւ այլ մշակութային կոթողներ յաճախ կը դառնան կանխամտածուած հարուածներու թիրախ՝ ոչ միայն որպէս «կողմնակի վնաս», այլ ժողովուրդներու ինքնութիւնը, յիշողութիւնն ու պատմութիւնը ջնջելու նպատակով։ Այս մասին կը զգուշացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի խօսնակը՝ ընդգծելով, որ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմական ինքնութեան պաշտպանութիւնն է։

Միջազգային իրաւական պաշտպանութիւն

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կը յենուի մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող վեց միջազգային համաձայնագիրներու վրայ, որոնցմէ գլխաւորը 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագիրն է՝ զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին։ Կազմակերպութիւնը պետութիւններուն կ'աջակցի այս իրաւական գործիքներու գործադրութեան մէջ՝ խթանելով համագործակցութիւնը, երկխօսութիւնն ու միջազգային համակարգումը։

Օրէնքէն մինչեւ գործնական վերականգնում

Իրաւական պաշտպանութենէն զատ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կը գործէ միջազգային համագործակցութեան, մասնագիտական պատրաստութեան, տեղական համայնքներու ներգրաւման եւ քաղաքական խորհրդատուութեան միջոցաւ։ Կազմակերպութիւնը կը շեշտէ, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը հարուածէ ոչ միայն շէնքերը, այլեւ հասարակութիւններու ընկերային, հոգեւոր եւ մշակութային հիւսուածքը, ուստի հետպատերազմեան վերականգնումը պէտք է մարդակեդրոն ըլլայ։

Թիմպուքթու եւ Մոսուլ՝ վերածնունդի օրինակներ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն որպէս յաջող օրինակ կը ներկայացնէ Մալիի Թիմպուքթուի մէջ 2012-ին աւերուած 14 դամբարաններու վերակառուցումը՝ աւանդական արհեստներու կիրարկումով եւ տեղացի երիտասարդներու պատրաստութեամբ։ Իրաքի Մոսուլի մէջ 2018-ին մեկնարկած «Revive the Spirit of Mosul» ծրագիրին շնորհիւ վերականգնուեցան Ալ-Նուրի մզկիթը, պատմական բնակարաններ եւ հարիւրաւոր դպրոցական դասարաններ, ստեղծուելով հազարաւոր աշխատատեղեր։

Մշակոյթը՝ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան հիմք

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաձայն՝ վերակառուցումը միայն ճարտարապետական աշխատանք չէ, այլ ընկերային եւ մշակութային վերածնունդի գործընթաց։ Ժառանգութեան վերականգնումը կը նպաստէ վստահութեան վերահաստատման, ընկերային համախմբման եւ տնտեսական վերականգնման, իսկ երբ մշակոյթը կը ներառուի խաղաղութեան, կրթութեան եւ զարգացման ռազմավարութիւններուն մէջ, ան կրնայ դառնալ երկխօսութեան, հաշտեցման եւ կայուն խաղաղութեան կարեւոր շարժիչ ուժ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/07/2026, 13:56