Որոնել

Հայիթիի մէջ բախումները 40 վիրաւորի պատճառ դարձան եւ հարիւրաւոր մարդիկ ստիպուած եղան լքելու իրենց տուները։ Հայիթիի մէջ բախումները 40 վիրաւորի պատճառ դարձան եւ հարիւրաւոր մարդիկ ստիպուած եղան լքելու իրենց տուները։  (ANSA)

Հայիթիի մէջ մէկուկէս միլիոն տեղահանուած եւ 1.600 զոհ՝ երեք ամսուան ընթացքին

ՄԱԿ-ի համաձայն, Հայիթիի մէջ զինեալ խմբաւորումներու բռնարարքներուն հետեւանքով շուրջ 1,5 միլիոն մարդ տեղահանուած է, իսկ միայն վերջին երեք ամիսներուն առնուազն 1.600 մարդ զոհուած է, մինչ յանցաւոր խմբաւորումները կը շարունակեն վերահսկել մայրաքաղաք Փորթ-օ-Փրենսի մեծ մասը։

Վատիկա Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Հայիթիի մէջ մարդասիրական եւ անվտանգութեան ճգնաժամը կը շարունակէ սաստկանալ։ ՄԱԿ-ի Հայիթիի հարցերով գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Քարլոս Ռուիս Մասիոյի համաձայն, զինեալ խմբաւորումներու բռնարարքներուն պատճառով շուրջ 1,5 միլիոն մարդ հարկադրուած է լքելու իր տունը, իսկ միայն վերջին երեք ամիսներուն առնուազն 1.600 մարդ զոհուած է։

Յանցաւոր զինեալ խմբաւորումները կը վերահսկեն մայրաքաղաք Փորթ-օ-Փրենսի մօտ 70-75 առ հարիւրը՝ շարունակելով խաթարել պետական հաստատութիւններու, ենթակառոյցներու եւ հիմնական ծառայութիւններու գործունէութիւնը։ ՄԱԿ-ը կը զգուշացնէ, թէ երկրին մէջ բռնարարքները կը շարունակեն սաստկանալ, մինչ միջազգային աջակցութիւնը տակաւին չէ կրցած շրջել իրավիճակը։

2021-ին նախագահ Ժովենել Մուիզի սպանութենէն ի վեր Հայիթին կը դիմագրաւէ աննախադէպ քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային ճգնաժամ։ Երկիրը կը գտնուի տնտեսական շարունակական անկումի մէջ, բնակչութեան զգալի մասը կ՚ապրի ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններուն տակ, իսկ միջազգային կազմակերպութիւնները կը շեշտեն, որ միայն անվտանգութեան, արդարադատութեան եւ զարգացման ոլորտներուն մէջ համակարգուած գործողութիւններով կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել կայունութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/07/2026, 10:43