Որոնել

Կազայ, Իսրայէլ պատերազմ Կազայ, Իսրայէլ պատերազմ  (AFP or licensors)

Համաս Կազայի մէջ իր կառավարութեան լուծարումը յայտարարեց

Համասը յայտարարեց Կազայի մէջ կառավարութեան արտակարգ յանձնախումբի լուծարումը եւ վարչական լիազօրութիւններու փոխանցման գործընթացի մեկնարկը Կազայի կառավարման ազգային յանձնախումբին՝ ազգային համաձայնութիւններու իրագործման նպատակով։ Իսրայէլը այս քայլը որակեց ձեւական եւ մոլորեցնող, մինչդեռ Համասը շեշտեց, որ այժմ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի ամերիկեան վարչակազմին եւ միջնորդներուն վրայ՝ Իսրայէլը զինադադար ընդունելու պարտադրելու համար։

Կազայի մէջ կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ կառավարական արտակարգ յանձնախումբի նախագահութեան եւ յանձնախումբի պաշտօնական լուծարումը յայտարարեց` առ ի նախապատրաստութիւն Կազայի մէջ վարչական լիազօրութիւններն ու կառավարումը Կազայի կառավարման ազգային յանձնախումբին փոխանցման:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կառավարութեան արտակարգ յանձնախումբի ղեկավար եւ կառավարութեան յանձնախումբի ղեկավարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ժաուատ Ֆարրան իր հրաժարականը ներկայացուցած է` լրջութիւնը ապացուցելու եւ վարչական անցումային հոլովոյթին ու ազգային համաձայնագիրներու գործադրութեան նպաստելու նպատակով:

Տեղեկատուական գրասենեակի բանբերը Շուհատա Աքսա հիւանդանոցին առջեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ իշխանութեան յանձնման բոլոր վարչական ու իրաւական դասաւորումները ամբողջացած են:

Ան նշեց, որ այս քայլերը թափանցիկ կերպով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչի դէտի ներկայութեամբ ներկայացուած են պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ ուժերուն, ինչպէս նաեւ ցեղախումբերու բարձրագոյն յանձնախումբին ու քաղաքային հասարակութեան կառոյցներուն:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Համասի կառավարութեան ձեւական հրաժարականը միայն անիմաստ ապակողմնորոշում է»:

Համաս շարժումի բանբեր Հազեմ Քասեմ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հերքեց Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի այդ պնդումը` շեշտելով, որ այժմ գնդակը ամբողջութեամբ ամերիկեան վարչակազմին ու Շարմ Շէյխի խորհրդաժողովի միջնորդներուն դաշտն է, որպէսզի Թել Աւիւին ստիպեն յարձակումը դադրեցնել եւ վարչական յանձնախումբի շրջան մուտքը ապահովեն»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/07/2026, 10:12