Որոնել

Explosions at an unknown location, during what U.S. Central Command (CENTCOM) says are strikes on Iran

Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխադարձ յարձակումներ

«Թիրախները ներառեցին իրանեան հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու դիրքեր, ծովային կարողականութիւններ, զինամթերքի պահեստանոցներ, հաղորդակցութեան ցանցեր եւ ծովեզերեայ հսկողութեան դիրքեր», նշեց կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նշեց. «Այսօր առաւօտեան Իրանի վրայ հարուածներու նոր փուլի ձեռնարկեցինք, երբ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յարձակում գործեց բեռնարկղներ փոխադրող եւ Կիպրոսի դրօշը բարձրացուցած նաւու մը վրայ»:

Հրամանատարաութիւնը յայտնեց, ուր երէկ Իրանի մէջ զինուորական շուրջ 140 թիրախներ հարուածած է` հակադարձելով Իրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու վրայ յարձակումի մը:

«Թիրախները ներառեցին իրանեան հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու դիրքեր, ծովային կարողականութիւններ, զինամթերքի պահեստանոցներ, հաղորդակցութեան ցանցեր եւ ծովեզերեայ հսկողութեան դիրքեր», նշեց կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը:

Նախքան այդ, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը «չյայտարարուած ուղիով» Հորմուզի նեղուցէն անցնելուն ընթացքին նաւու մը վրայ զգուշացման կրակոց արձակելէն ետք, «ցնոր տնօրինութիւն» Հորմուզի նեղուցին փակումը յայտարարեց:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Հորմուզի նեղուցէն անցնող առեւտրական նաւու մը վրայ արձակեց հրթիռ մը, որուն պատճառով նաւը վնասուեցաւ:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեց, որ հարուածներու նոր փուլին տարողութիւնը, թիրախներու թիւի կամ աշխարհագրական տարածքի առումով, շատ աւելի ընդարձակ էր, քան անցեալ շաբթուան ընթացքին գործադրուած յարձակումները:

Բարձրաստիճան պաշտօնատարը ամերիկեան օրաթերթին նշեց, որ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններուն նպատակը Թեհրանին յղելն է յստակ պատգամ մը, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանը պատասխանատու պիտի նկատէ միջազգային ծովային անցքերուն մէջ առեւտրական նաւերն ու նաւարկումի ազատութիւնը թիրախաւորող որեւէ յարձակումի համար:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Պի.Էս.»-ին յայտնեց, որ Յորդանանի մէջ «Ամիր Հասան» ռազմակայանը իրանեան յարձակումի մը պատճառով մեծ վնասներ չէ կրած:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաքտար իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իր հողերուն եւ եղբայրական շարք մը պետութիւններու դէմ իրանեան յարձակումները` այդ յարձակումներուն շարունակութիւնը նկատելով վտանգաւոր մագլցում մը, որ պիտի բարդացնէ լարուածութիւնը հակակշիռի տակ առնելու ջանքերը եւ ականահարէ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման նպատակով տարուող քաղաքական ու դիւանագիտական աշխատանքները:

Մինչ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հորմուզի նեղուցէն անցքի ապագայ դասաւորումները պէտք է Իրանի եւ Օմանի միջեւ խորհրդակցութեան ճամբով տեղի ունենան, Օմանի կառավարութիւնը դատապարտեց իր հողերուն ռմբակոծումը, որ տեղի ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի Հորմուզի նեղուցի հարցը քննարկելու համար այցելութենէն ժամեր ետք` աւելցնելով, որ օսմանեան կառավարութիւնը այս զարգացումներուն հետ վարուելու նպատակով անհրաժեշտ քայլերը պիտի որդեգրէ` երկրին ու անոր բնակիչներուն անվտանգութիւնը պահպանելու համար:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Իրանի դեսպանը եւ անոր բողոքագիր մը յանձնեց:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց, որ միակողմանի համաձայնութիւններուն ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ` աւելցնելով. «Ձեզի ըսինք, որ ձեր խոստումները յարգեցէ՛ք եւ յանձնառութիւններուն տէր կանգնեցէ՛ք, այլապէս գինը պիտի վճարէք, եւ հիմա պէտք է իրողութեան դէմ յանդիման կանգնիք»:

Ղալիպաֆ հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու հետ կնքուած 14 կէտերէ բաղկացած փոխըմբռնման յուշագիրին մէկ բաժինը, որ կ՛ընդգծէ «իրանեան դասաւորումները» յարգելով Հորմուզի նեղուցի վերաբացումը:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի բանբեր Իպրահիմ Ռիտայի յայտնեց, որ Իրան ուժով տիրած է Հորմուզի նեղուցին եւ զայն նոյն ուժով պիտի պաշտպանէ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի զինուորական խորհրդատու Մոհսեն Ռիտայի, անդրադառնալով Հորմուզի նեղուցին, նշեց. «Ռազմավարական այս միջանցքը տասնեակներով հիւլէական ռումբերէն շատ աւելի կարեւոր է, եւ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը զայն պիտի պաշտպանէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը բաց է:

«Երէկ գիշեր ահաւոր կերպով զիրենք ռմբակոծեցինք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անոնք շատ չար ու հիւանդագին մարդիկ են: Անոնց հետ ունեցանք հանդիպում մը, ուր անոնք համաձայն գտնուեցան համաձայնութեան մը, որ մեզի համար կատարեալ էր` ո՛չ հիւլէական, ո՛չ այս, ո՛չ այն, ոչինչ: Ամէն բան տուին, յետոյ սենեակէն հեռացան եւ մէկ ժամ ետք անօդաչու թռչող սարքով նաւու վրայ յարձակում գործեցին»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/07/2026, 09:01