Սուրիոյ Փոխանցման Խորհրդարանը երկուշաբթի օր պիտի գումարէ իր առաջին նիստը
Փոխանցման խորհրդարանին մաս կը կազմեն 70 անձեր, 55 այր մարդիկ եւ 15 կիներ, որոնց շարքին` նախկին վարչակարգին կողմէ բանտարկուած 13 անձեր:
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ նշանակեց փոխանցման խորհրդարանի երեք մնացեալ անդամները, եւ խորհրդարանը երկուշաբթի օր պիտի գումարէ իր առաջին նիստը: Խորհրդարանի անդամ մնացեալ երկու երրորդը ընտրուած է ընտրական յանձնախումբերու ճամբով:
Փոխանցման խորհրդարանին մաս կը կազմեն 70 անձեր, 55 այր մարդիկ եւ 15 կիներ, որոնց շարքին` նախկին վարչակարգին կողմէ բանտարկուած 13 անձեր:
Խորհրդարանի նստաշրջանը 30 ամսուան վրայ կ՛երկարի եւ վերանորոգելի է:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
02/07/2026, 07:23