Վարպետուհի քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան ICMA-ի եզրափակիչ հասած է
Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան հեղինակաւոր ICMA-ի (InterContinental Music Awards) «Լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգի եզրափակիչ հասած է։
Ի դէպ, մասնակից երկիրներուն թիւը անցած է 100-ը, իսկ մասնակիցներուն թիւը՝ 3500-ը։ Մարիաննա Գէորգեանը եզրափակիչ փուլ հասած միակ մասնակիցն է, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական դրօշը, Եան ազգանունը, հայկական արուեստը եւ ազգային նուագարան քանոնը։
Ան 2025-ին արժանացած էr համաշխարհային խորհրդանիշ վիրտուոզ երաժիշտի (Global Icon Awards) տիտղոսին, 2020-ին ստացած է համաշխարհային World Folk Vision մրցոյթի գլխաւոր մրցանակը եւ բազմաթիւ միջազգային մրցումներու առաջին կարգի դափնեկիր է։
Մարիաննա Գէորգեանը Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի մենակատար քանոնահարուհին է (գեղարուեստական ղեկավար՝ Ս. Երկանեան)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.