26 տարի շարունակ՝ Մեսրոպեանի «Ովասիս»ը ամառը կը դարձնէ յիշարժան
1 Յուլիս 2026-ին, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ովասիս ամառնային ծրագիրին բացումը, մասնակից փոքրիկներուն ու պատանիներուն, ծնողներու եւ ծրագիրի անձնակազմի անդամներուն ներկայութեան։
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ողջունեց մասնակից մանուկներն ու պատանիները ու բոլորին մաղթեց հաճելի, ուրախ եւ օգտաւէտ օրեր՝ Ովասիսի յարկին տակ։ Ան համոզում յայտնեց, որ, ինչպէս միշտ, ծրագիրի անձնակազմը պիտի ընէ լաւագոյնը՝ մասնակիցներուն պարգեւելու անմոռանալի ամառնային արձակուրդ մը։
2025-2026-ը կը նշէ Մեսրոպեանի ամառնային այս ծրագիրին 26րդ տարին։ "Ովասիս"ը պիտի երկարի 8 շաբաթներու վրայ, որուն ընթացքին մասնակից մանուկներն ու պատանիները տարբեր խմբակներու մէջ պիտի զբաղին մարզական եւ այլ խաղերով, նկարչութեամբ, ձեռային աշխատանքներով, երգով ու պարով։ Ունին մասնակցիներ Լիբանանի զանազան շրջաններէն եւ արտասահմանէն։
Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ՍԵՄԱՍ ընկերութեան հետ գործակցաբար հաշուողական դրութեան ուսուցումը, ինչպէս նաեւ Ուրբաթօրեայ ժամանցի յայտագիրներ եւ արտագնայ պտոյտներ։
Հաշուի առնելով փոքրահասակ մանուկներու կարիքները եւ ծնողներու դիմումները, Մեսրոպեան վարժարանը այս տարի եւս կազմակերպեց յատուկ ծրագիր մը՝ "Փոքրիկ Ովասիս" անունով, նախքան բուն ծրագիրին՝ "Ովասիս"ին սկսիլը, երկու շաբթուան տեւողութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.