Որոնել

Նիկերիա Նիկերիա  (AFP or licensors)

Նիկերիա․ Մայիսին առեւանգուած աշակերտները ազատ արձակուեցան

Նիկերիոյ անվտանգութեան ուժերը ազատ արձակեցին մայիսին Օյօ նահանգի երեք դպրոցներէ առեւանգուած 46 աշակերտներն ու ուսուցիչները, իսկ գործողութեան ընթացքին ձերբակալուեցան եւ վնասազերծուեցան առեւանգողներէն քանի մը հոգի։ Միեւնոյն ժամանակ, երկրի հիւսիս-արեւմուտքին բանակը ոչնչացուց 300-է աւելի զինեալ՝ շարունակելով պայքարը ջիհատական խմբաւորումներու եւ առեւանգումներով զբաղող աւազակախումբերու դէմ։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Նիկերիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ մայիսին երկրի հարաւ-արեւմուտքին մէջ երեք դպրոցներէ առեւանգուած բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները անվտանգ ազատ արձակուած են։ Նախագահութեան բանբեր Պայօ Օնանուկան տեղեկացուց, որ անվտանգութեան ուժերուն գործողութեան շնորհիւ ազատագրուած են մայիս 15-ին Օյօ նահանգի Օրիրէ շրջանին մէջ առեւանգուած 46 աշակերտներն ու դպրոցի աշխատակիցները։ Ըստ իշխանութիւններուն՝ գործողութեան ընթացքին առեւանգողներէն քանի մը հոգի սպաննուած են, իսկ ութը՝ ձերբակալուած։

Նիկերիոյ բանակը յարձակումին պատասխանատու կը համարէ «Պոքօ Հարամ» ջիհատական խմբաւորումը։ Դէպքը մեծ մտահոգութիւն առաջացուց, որովհետեւ Օյօ նահանգը երկար տարիներ կը նկատուէր երկրի աւելի ապահով շրջաններուն մէկը, իսկ այս յարձակումը մտավախութիւններ ստեղծեց, թէ ծայրայեղական բռնութիւնը կը տարածուի նաեւ հարաւ-արեւմտեան նահանգներ։

Միեւնոյն ժամանակ, երկրի հիւսիս-արեւմուտքին՝ Զամֆարա նահանգին մէջ, բանակը երկօրեայ գործողութեան ընթացքին ոչնչացուց 300-է աւելի զինեալ, որոնք զբաղած էին մարդոց առեւանգումով եւ անասուններու գողութեամբ։ Տեղական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ այս խմբաւորումները, որոնք կը գործակցին ջիհատական կազմակերպութիւններու հետ, տարիներէ ի վեր ահաբեկած են Նիկերիոյ հիւսիսային եւ կեդրոնական շրջաններու բնակչութիւնը։

Վերջին ամիսներուն Միացեալ Նահանգները, համագործակցելով նիկերիական ուժերուն հետ, իրականացուցած է օդային հարուածներ, որոնց հետեւանքով սպաննուած են «Իսլամական պետութիւն – Արեւմտեան Ափրիկէ» (ISWAP) կազմակերպութեան հարիւրաւոր անդամներ։ Իրաւիճակը կը շարունակէ մնալ անկայուն՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ զինուած աւազակախումբերու շարունակական գործունէութեան պատճառով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 08:00