Որոնել

Հորմուզի նեղուցը, Նաւ Հորմուզի նեղուցը, Նաւ 

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Փաքիստան եւ Քաթար ջանք կը Թափեն Ուաշինկթընն ու Թեհրանը բանակցային սեղան վերադարձնելու

Փաքիստանն ու Քաթարը, այլ շրջանային միջնորդներու համագործակցութեամբ, դիւանագիտական ջանքեր կը գործադրեն Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու եւ վերջին լարուածութիւնը մեղմացնելու։ Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ դիւանագիտական լուծման իր պատրաստակամութիւնը, մինչ Իրան կը զգուշացնէ, թէ իր ենթակառոյցներուն վրայ որեւէ յարձակում պիտի արժանանայ համարժէք պատասխանին։

Շրջանային աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Փաքիստանն ու Քաթարը ջանք կը թափեն զինուորական վերջին մագլցումէն ետք Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը բանակցութեան սեղան վերադարձնելու:

Ամերիկացի պաշտօնատար մըն ալ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ քուլիսներու ետին դիւանագիտական ջանքեր կը թափուին կացութիւնը հանդարտեցնելու:

Աղբիւրը նշեց, որ Ուաշինկթըն դիտումնաւոր կերպով պարբերաբար կը հարուածէ, ապա կանգ կ՛առնէ` խուսափելու համար լարուածութեան սրումէն եւ դիւանագիտութեան կարելիութիւն տալու համար:

Պաշտօնատարը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները թիրախներու ցանկ կը պահպանեն` իբրեւ ճնշումի խաղաքարտ, անհրաժեշտութեան պարագային հարուածներ հասցնելու նախապատրաստութիւններով, սակայն ներկայիս նախաձեռնութիւնը դիւանագիտութեան կը ձգեն:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ աղբիւրներ, որոնցմէ ոմանք` միջնորդ պետութիւններէ, «Աքսիոս»-ին յայտնած են, թէ ամերիկեան բանակին հինգշաբթի օր Իրանի վրայ նոր յարձակումներ չգործելը արդիւնք է մագլցումի մեղմացման ջանքերուն:

Աղբիւրներուն համաձայն, Քաթարն ու Փաքիստանը, շրջանային այլ միջնորդներու կողքին աշխատանք կը թափեն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու եւ վերականգնելու հիւլէական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւնները:

Աղբիւրները ամերիկեան կայքին աւելցուցած են, որ քաթարցի, փաքիստանցի, եգիպտացի, սէուտցի եւ թուրք պաշտօնատարներ չորեքշաբթի օր շարք մը ամերիկացի եւ իրանցի պաշտօնատարներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են` ջանալով կացութիւնը հանդարտեցնել:

«Աքսիոս» կը նշէ, թէ գոյութիւն ունին դիւանագիտական աշխուժ ջանքեր, նախ եւ առաջ մագլցումը հանդարտեցնելու, ապա թեքնիք խումբերուն միջեւ բանակցութիւններու մէկ այլ փուլի թուական ճշդելու համար:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն տակաւին յանձնառու է Թեհրանի հետ լուծում գտնելու եւ շարունակուող թեքնիք բանակցութիւններուն:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ քաթարցի բանագնացներ կը գտնուին Իրան մագլցումի հանդարտեցման եւ աւելի լայնածաւալ բանակցութիւններու պայմաններու պատրաստման համար պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու, եւ բանակցութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ կը համակարգուին:

Աղբիւրը նշեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ կը կատարուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի գործադրութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ դէպքերու մագլցումին յանգեցուցած հարցերուն, ներառեալ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումին առնչուած վէճերուն:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քաթարեան պատուիրակութեան Իրան այցելութեան նպատակը վերջերս տեղի ունեցած դէպքերէն ետք Տոհայի կատարած միջնորդութիւնը ամրապնդելն է:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհամետ Պաքեր Զուալքատր նշեց. «Նախապէս շեշտեցինք, որ մեր ենթակառոյցներուն վրայ որեւէ յարձակում նոյնպիսի հակադարձութեան պիտի արժանանայ, եւ ոճրագործ սիոնական վարչակարգը մեր մարտիկներու հակադարձութենէն զերծ պիտի չմնայ»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 07:00