Որոնել

TOPSHOT-COLOMBIA-EARTHQUAKE-AFTERMATH

Քոլոմպիայի մէջ երկրաշարժ.․ ժամանակի դէմ մրցավազք՝ փրկուածներ գտնելու համար

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոսին, Քոլոմպիայի հիւսիս-արևմտեան շրջանը ցնցած երկրաշարժի զոհերուն թիւը անցած է 250-ը։ Վիրաւորները շուրջ հազար են, իսկ մօտ 4 հազար հոգի կը համարուի կորսուած։ Փրկարարական և որոնողական աշխատանքները անդադար կը շարունակուին։ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը յանձնառու է արտակարգ միջոցներ հայթայթելու՝ այս առաջին արտակարգ իրավիճակին դիմակայելու համար։

Սիլվիա Ճովանրոզա – Վատիկան

Փերէյրա, Քալի և Մանիզալես քաղաքներուն մէջ, փրկարարական խումբերը և սովորական քաղաքացիները կ՛աշխատին կատարեալ լռութեան մէջ՝ կարենալ լսելու համար տակաւին փլատակներուն տակ գտնուողներուն ձայնը, մինչ անողոքաբար կը մօտենայ երկրաշարժէն ետք 72 ժամուան ճգնաժամային սահմանը, որմէ ետք փրկուածներ գտնելու յոյսը կը նուազի։ Աւելի քան 1,500 շէնքեր վնասուած են, իսկ հարիւրաւորներ՝ փլած։ Լուրջ վնասներ կրած են նաև հաղորդակցութեան միջոցները, այն աստիճան, որ կառավարութիւնը կը մտածէ մասնագիտացուած մարմին մը ստեղծել՝ վերակառուցումը սկսելու համար։ Քոլոմպիայի նորընտիր նախագահ Ապելարտոյ տէ լա Էսփրիէլան տնտեսական արտակարգ իրավիճակ հռչակած է՝ Համաշխարհային Դրամատունէն պահանջելով մինչև 450 միլիոն տոլարի փոխառութիւն մը, և սոցիալական ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումով մը հաստատած է ազդուած իւրաքանչիւր ընտանիքի հանդէպ իր յանձնառութիւնը. «Մենք կը մնանք տեղւոյն վրայ՝ աշխատելով մեր ժողովուրդին համար»։

Միջազգային օգնութիւն

Այս պահուս 1.3 միլիառ տոլար յատկացուած է Քոլոմպիայի մէջ արտակարգ իրավիճակին դիմակայելու համար։ Աշխարհի չորս ծագերէն երկիրներ համախմբուած են՝ ամէն ձևով օգնելու երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան։ Շուէտ, Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ, Էլ Սալվատոր, Ճափոն, Մեքսիքօ, Էքուատոր, նոյնիսկ Վենեզուելան, որ ինքն ալ անցեալ Յունիսին տուժած էր կրկնակի երկրաշարժէ, միացած են համերաշխութեան շղթային։ Եւրոպական Միութիւնը տրամադրած է «Copernicus» արբանեակային համակարգը՝ տարածքին վրայ հասցուած վնասները գնահատելու համար։ Միացեալ Նահանգները յայտարարած են, որ 15.5 միլիոն տոլար յատկացուցած են արտակարգ կացարաններու, սնունդի և պաշտպանութեան համար։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ կ՛աշխատի աշխուժացնել իր ներկայութիւնը սուրճի արտադրութեան շրջանին մէջ, որ կ՛ նդգրկէ Մանիզալես, Արմենիա և Փերէյրա քաղաքները՝ աղէտէն ամենաշատ տուժածներէն, և ունի սնունդի պաշարներ՝ անօթևան մնացած մարդոց օգնելու համար։

Մայր ու որդի ողջ հանուած են փլատակներէն

Քալիի մէջ, որ երկրաշարժէն ամենաշատ տուժած քաղաքներէն մէկն է՝ մօտ հարիւր զոհով, փրկարարները, քաղաքացիական կամաւորները և տեղական պաշտօնեաները հաւաքուած են «Torres del Limonar» աւերուած բնակելի համալիրէն դուրս։ Այնտեղ, ողբերգութեան մէջ յոյսի նշոյլ մը վառած է կնոջ մը փրկութիւնը, որ 36 ժամ փլատակներուն տակ թաղուած մնացած էր նորածին երեխայի մը հետ։ «Հրաշք մըն է, մայրը իր մարմնով պաշտպանած է փոքրիկը։ Կինը կոտրուածքներ ունի, իսկ պզտիկը փլատակներէն հանելու ընթացքին միայն փոքր քերծուածքներ ստացած է և վիճակը կայուն է։ Անոր կ՛օգնեն շրջանի առողջապահական գործիչները», յայտնած է Քարլոս Օրթիզը, որ մասնակցած է փրկարարական գործողութեան, որուն տեսանիւթը տարածուած է սոցիալական ցանցերու վրայ։

Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասին զօրակցութիւնը

Քարթախենայի արքեպիսկոպոս և Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերապ. Ֆրանսիսքօ Խավիէր Մունիէրա Քորրէային ուղղուած նամակին մէջ, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ և Պոլոնիայի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Մաթէօ Ծուփփին զօրակցութիւն յայտնած է Քոլոմպիայի ժողովուրդին։ «Կ՛աղօթենք, – կ՛ըսուի Զուփիի պատգամին մէջ, – վիրաւորներուն, տեղահանուածներուն և անոնց համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց տունն ու առօրեայ հացը։ Տէրը աջակցի փորձութեան մէջ գտնուողներուն և ուժ տայ փրկարար մարմիններուն, առողջապահական անձնակազմին, կամաւորներուն և բոլոր անոնց, որոնք ատակութեամբ ու քաջութեամբ կը նուիրուին աղէտէն տուժածներու որոնման, փրկութեան և օգնութեան գործին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/08/2026, 10:30