Քոլոմպիա. Ծանր երկրաշարժ Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը տուժածներուն
Ռոպէր Աթթարեան. - Վատիկան
Զօրաւոր երկրաշարժ մը երէկ՝ Օգոստոս 10-ին, հարուածած է Քոլոմպիոյ արեւմուտքը, պատճառելով աւելի քան 130 հաստատուած զոհ եւ 570 վիրաւոր, իսկ բազմաթիւ անձեր տակաւին կորսուած կը համարուին։ Երկրաշարժը, որուն ուժգնութիւնը 7.4 աստիճան եղած է՝ ըստ դէպքէն ետք հրապարակուած տուեալներուն, ունեցած է իր կեդրոնը Սան Հոսէ տել Փալմար շրջանին մէջ, Չոքօ նահանգին մէջ, երկրին արեւմուտքը։ Ցնցումը զգացուած է Քոլոմպիոյ ընդարձակ տարածքին, ինչպէս նաեւ պետական սահմաններէն դուրս։
Ամէնէն ծանր վնասները արձանագրուած են Փերէյրա, Մանիզալէս, Քալի եւ Քիպտօ քաղաքներուն մէջ։ Բազմաթիւ շէնքեր վնասուած կամ փլած են, իսկ հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ եւս կրած են վնասներ։
Քոլոմպիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահութիւնը իր աղօթքն ու զօրակցութիւնը յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ կորսուածներուն։ Եպիսկոպոսները կոչ ուղղած են զօրակցութեան եւ շեշտած, որ այս ծանր պահուն երկիրը պէտք է հանդէս գայ «իբրեւ մէկ ընտանիք»՝ տուժածներուն օգնելու համար։
Աղէտի գօտիին մէջ տեղական Եկեղեցին միացած է մարդասիրական ջանքերուն՝ սննդամթերքի եւ անհրաժեշտ օգնութեան հաւաքագրման ու բաշխման միջոցով։
Միաժամանակ, փրկարարները, քաղաքացիական պաշտպանութեան խումբերը եւ առողջապահական անձնակազմը կը շարունակեն փլատակներուն տակ մնացած անձերու որոնումները։ Անվտանգութեան ստուգումներու նպատակով ժամանակաւորապէս փակուած են արեւմտեան շրջանի վեց օդակայաններ։
Իշխանութիւնները կը գնահատեն վնասներուն ամբողջական չափը, մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ հերթական ծանր երկրաշարժային աղէտը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.