Որոնել

Նեփալի մէջ ձիւնահոսք եւ ջրհեղեղներ Նեփալի մէջ ձիւնահոսք եւ ջրհեղեղներ 

Նեփալ. UNICEF-ին ահազանգը. Հեղեղները հարուածած են աւելի քան 17.000 երեխաներ

UNICEF-ը կը նախատեսէ, որ աղէտէն տուժած են աւելի քան 17.000 երեխաներ եւ կը խտացնէ իր միջամտութիւնները առողջապահութեան, սննդառութեան, ջուրի եւ մաքրութեան, կրթութեան եւ մանկանց պաշտպանութեան մարզերէն ներս։ Առողջապահական մաքրութեան հաւաքածուներ, բժշկական մատակարարումներ, մժեղներու ցանցեր, նորածիններու համար հաւաքածուներ եւ բուժիչ սննդամթերք արդէն իսկ կը հասնին ամենէն շատ տուժած ընտանիքներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 օգոստոսին Նեփալը, յատկապէս Ռասուվայի, Նուուաքոթի եւ Տատինկի շրջանները հարուածած յանկարծահաս հեղեղներուն հաշուեկշիռը ահաւոր է։ Առկայ տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 332 անձեր մահացած են, որոնցմէ առնուազն 14-ը՝ երեխաներ, մինչ հարիւրաւոր ուրիշներ տակաւին կորսուած կը համարուին։

Ջրհեղեղները կործանած կամ մեկուսացուցած են ամբողջական համայնքներ՝ վնասելով ճանապարհներ, կամուրջներ, ջրամատակարարման ցանցեր եւ առողջապահական կեդրոններ։ Առնուազն չորս առողջապահական հաստատութիւններ ծանր վնասներ կրած են։ Ծանր են հետեւանքները նաեւ կրթական համակարգին վրայ. 18 դպրոցներ ամբողջութեամբ կործանած են, իսկ այլ 20-ը՝ վնասուած, որուն բերումով 10.000 երեխաներ կարիքը ունին աջակցութեան իրենց ուսումը շարունակելու համար։

UNICEF-ը կը նախատեսէ, որ աղէտէն տուժած են աւելի քան 17.000 երեխաներ եւ կը խտացնէ իր միջամտութիւնները առողջապահութեան, սննդառութեան, ջուրի եւ մաքրութեան, կրթութեան եւ մանկանց պաշտպանութեան մարզերէն ներս։ Առողջապահական մաքրութեան հաւաքածուներ, բժշկական մատակարարումներ, մժեղներու ցանցեր, նորածիններու համար հաւաքածուներ եւ բուժիչ սննդամթերք արդէն իսկ կը հասնին ամենէն շատ տուժած ընտանիքներուն։ Բացի ատկէ, ընթացքի մէջ են հոգեբանական աջակցութեան ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ իրենց ընտանիքներէն բաժնուած երեխաները գտնելու եւ վերամիաւորելու աշխատանքներ։

Արտակարգ իրավիճակի արձագանգման եւ վերականգնումի առաջին փուլին աջակցելու համար, UNICEF-ը 17,2 միլիոն տոլարի կոչ ուղղած է։ «Շտապ կերպով աւելի շատ միջոցներու կարիքն ունինք՝ տագնապի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր երեխայի հասնելու համար», յայտարարած է Նեփալի մէջ UNICEF-ի ներկայացուցիչ Ալիս Աքունկան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/08/2026, 09:50