Կրօնի ազատութիւնը ժխտուած է մարդկութեան երկու երրորդին համար
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կրօնական ազատութիւնը այժմ լուրջ սպառնալիքի տակ է ամբողջ աշխարհին մէջ. Այս ի յայտ կու գայ «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Քահանայապետական հիմնադրամի` 2025 թուականի տեղեկագիրէն ուր կը նշուի ՝ թէ աւելի քան 5.4 միլիարդ մարդ կ՛ապրի այնպիսի երկիրներուն մէջ, ուր կարելի չէ ազատօրէն դաւանիլ հաւատքը:
Հռոմի, Աուկոստինիանում հայրաբանութեան Քահանայապետական համալսարանի մէջ երեքշաբթի 21 հոկտեմբերին ներկայացուած տեղեկագիրը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս լուրջ խախտումներ գրանցուած են 196 երկրներէն 62-ին մէջ, որոնցմէ 24-ն դասակարգուած են, որպէս հալածանքներու, իսկ 38-ն՝ խտրականութեան երկիրներ:
Սոյն ահազանգը կը հնչէ աւելի քան 1200 էջնոց ծաւալուն հատորի մը ընդմէջէն. որ կը ներկայացնէ մտահոգիչ պատկեր մը. վերջին 25 տարիներու ընթացքին իրավիճակը երթալով վատթարացած է, բռնատիրութեան կառավարութիւններ, թւային հսկողութիւնը և ճնշող օրէնքները կը խեղդեն հաւատքի ազատութիւնը: Եւ այս հաշուետուութիւնը աւելի ծանր դարձնող ազդակները կու գան «ժիհատիզմի» եւ կրօնական ազգայնականութեան աճի աւելացումէն, յատկապէս Ափրիկէի և Ասիայի մէջ, ուր բռնութիւնը պատճառած է մահեր, տեղահանում և ամբողջ համայնքներու ոչնչացում, նշուած է ի միջի այլոց տեղեկագիրին մէջ։
Ներկայացումին առիթով ելոյթ ունեցաւ նեաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ յիշեցուց թէ «կրօնական ազատութիւնը, «կարևոր, բայց փխրուն պատնէշ» մըն է, վերահաստատելով կառավարութիւններու և միջազգային համայնքներու պարտականութիւնը՝ պաշտպանելու զայն։
Տեղեկագիրը ի յայտ կը դնէ նաեւ, որ կրօնական ազատութիւնը վտանգի մէջ է նաեւ Արեւմուտքի մէջ օրինակ բերելով Ֆրանսան ուր 2023 թուականին տեղի ունեցան աւելի քան հազար յարձակումներ եկեղեցիներու վրայ ու նոյնը պատահեցաւ նաեւ Յունաստանի, Սպանիայի, Իտալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Առաջին անգամ ըլլալով Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնադրամը համաշխարհային խնդրագիր՝ կոչ մը ուղղած է խնդրելով լիովին կիրառել Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 18-րդ յօդուածը, որ կ՛ ամրագրէ մտքի, խղճի և կրօնի ազատութեան իրաւունքը: Յստակ պատգամ . մենք այլևս չենք կարող անտարբեր մնալ մեր ժամանակներու մարդու իրաւունքներու ամենալուրջ արտակարգ իրավիճակներէն մէկու մը նկատմամբ, որ է կրօնի ազատութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ