Երբ հաւատքը նուաստացած է և մեկուսացուած, մեզի անհրաժեշտ են Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նման վկաներ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երկուշաբթի 20 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը վեցին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի «Cattedra», այսինքն Գահ կամ Աթոռ կոչուած, խորանին վրայ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագ հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ու մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասին ու կղերականներուն ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներ` Կարդինալ Պշարա Ռայի եւ Պատրիարք Եուսէֆ Եունան, ապա Միջկրօնական Երկախօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Եաքոպ Քովաքատ, Քրիստոնեաներու Միութեան Վերատրեսչութեան Քարտուղար` Գերապ Ֆլավիօ Փաչէ, Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչ` Գերշ. Տ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Սարգիսեան եւ այլ եկեղեցական անձնաւորութիւններ։
Գոհաբանական պատարագը նուիրուած էր 19 Հոկտեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ սուրբ հռչակուած նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումին։
Խորանը` որ կը գտնուի Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական խորանի ետին կը կոչուի «Cattedra» այսինքն Գահ կամ Աթոռ որովհետեւ այնտեղ ըստ աւանդութեան պահպանուած է Սուրբ Պետրոսի հին աթոռը որ կը համարուի Հռոմի եպիսկոպոսի գերակայութեան և Պետրոսի իշխանութեան խորհրդանիշ։ Աթոռը սրբազան մասունք է, որ կապուած է Սուրբ Պետրոսի կերպարին և կը խորհրդանշէ Անոր դերը որպէս առաջին Քահանայապետ և անոր ուսուցչական իշխանութիւնը։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ եւ Իտալիոյ մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ Տիար Պորիս Սահակեան (Սուրբ Աթոռ) եւ Տիար Վլատիմիր Կարապետեան (Իտալիոյ հանրապետութիւն) ինչպէս նաեւ Լիբանանի Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները, Լիբանանէն ժամանած երեսփոխաններ, ու այլ անձնաւորութիւններ, եւ այս առիթով աշխարհի տարբեր վայրերէն Սուրբ Պետրոս ժամանած հայ ազգի մեծաթիւ զաւակներ, որոնք կիրակի օր 19 հոկտեմբերին եւս մասնակցեցան հրապարակի վրայ տեղի ունեցող պատմական, յուզիչ եւ հոգեպարար արարողութեան, այլ եօթանասուն հազար ուխտաւորներու հետ միասին։
Սուրբ Զոհին առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը նշեց` որ այսօր այստեղ չենք գտնուիր յիշելու համար անցեալի մարդ մը, այլ գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ, որ Աւետարանական անմահ էջ մը գրեց իր ծառաներու կենդանի վկայութեան միջոցաւ։
«Եւ այս մէկը միայն արարողութիւն մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ պատասխանը անձի մը աղաղակին, զոր Քրիստոսը սիրեց մինչեւ նահատակութիւն։ Ասիկա ընդունիլ է այն ճշմարտութիւնը, որ սրբութիւնը կարելի է, որ հաւատարմութիւնը ունի տակաւին դիմագիծ եւ անուն ու թէ խաչը պարտութիւն չէ այլ յաղթանակ» հաստատեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը։
«Մենք համախմբուած ենք այս խորանի շուրջ, ոչ թէ պաշտօնական պարտականութիւն մը կատարելու այլ դաւանելու կենդանի հաւատք մը. Աստուած յայտնուեցաւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի անձին մէջ, եպիսկոպոս ու նահատակ, եւ այս մէկը մեզ կը կոչէ անվախ հաւատք մը ունենալու, հաւատք` որ կը խօսի, որ կ՛այրի ու կը դիմանայ եւ որ կը սիրէ մինչեւ վերջ» շարունակեց պատարագիչ Հայրապետը։
«Այստեղ ենք, որովհետեւ Սուրբերուն արիւնը լուռ չէ, այլ ձայն է, որ կ՛ արձագանքէ սերունդներու ընդմէջէն։ Եւ այս ձայնը այսօր մեզի մարտահրաւէր կը նետէ, մեզ կը կոչէ իրեն հետեւելու։
Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ Յիսուս կ՜ըսէ. Չկայ աւելի մեծ սէր, քան կեանքը զոհել բարեկամներուն համար». (Յովհ. 15:13)։ Այս խօսքերը, որոնք Յիսուս ըսաւ իր չարչարանքներէն առաջ, պարզապէս սիրոյ հռչակագիր չեն, անոնք զոհաբերութեան մարգարէութիւն են։ Ինք Աստուծոյ Որդին իր կեանքը տուաւ համայն մարդկութեան մեղքերու թողութեան համար։ Յատկապէս մեզի համար` որ հաւատացինք Անոր խօսքին ու Անոր խաչի փրկարար զօրութեան եւ մահը աւարտ մը չեղաւ այլ սկիզբը մեր փրկութեան»։
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի վկայութեան վրայ, ըսելով թէ Ան «մեր ժողովուրդի դէմ մղուած հալածանքներու ժամանակ վճռեց հետեւիլ իր Վարդապետի ճանապարհին իր կեանքը նուիրելով` որպէս վկայութիւն Քրիստոսի մէջ ճշմարտութեան եւ յոյսին։ Ան արդարեւ մահուան ժամուն քաջաբար հաստատեց. «մենք կը մեռնինք սակայն կը մեռնինք Քրիստոսի համար», ըսաւ Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ.ը դիտել տալով, թէ ինչպէս հայազգի նոր սուրբը ապրեցաւ Աւետարանին խօսքերը, կրեց խաչը մինչեւ վերջ, պաշտպանեց իր հօտը ու անոնց հետ եւ իրենց համար տառապեցաւ ու արիւնը դափեց, որպէս սերմ նոր հաւատացեալներու եւ կենդանի Եկեղեցւոյ վկայութեան»։
«Մեր ժամանակներուն մէջ, երբ հաւատքը նուաստացած է և մեկուսացուած է, մեզի անհրաժեշտ են Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նման վկաներ» հաստատեց ապա հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետը նշելով, որ անոր սրբութիւնը այսօր կոչ մըն է բոլորիս, ապրելու իր նման կենդանի եւ զօրեղ հաւատք մը, նաեւ խաւար պահերու ժամանակ։
«Իգնատիոս Մալոյեանը, նման հայոց պատմութեան շատ մը այլ նահատակներու, յաղթեց առանց պատերազմելու. Ան յաղթեց, որովհետև վկայեց ատելութիւնէն աւելի ուժեղ սէր մը և վախէն աւելի մեծ յոյս մը։ Արդարեւ մէկ մը` որ պատրաստ է իր կեանքը զոհելու ճշմարտութեան համար չի կարող պարտուիլ։ Որովհետեւ երբ սիրտդ կը պատկանի Քրիստոսին, ոչ պատերազմը, ոչ հալածանքը եւ ոչ ալ մահը կարող են խլել ազատութիւնը` սիրոյ ազատութիւնը» յարեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրելով բոլոր ներկաները հրճուելու ու նշելով որ «սրբութիւնը կոչում մըն է ուղղուած բոլորին» որմէ մեկնելով խրախուսեց հաւատացեալներ Մալոյեան Սուրբին նման քալելու Քրիստոսի հետքերուն վրայ ապա աղօթելու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար` «որպէսզի ան կարենայ վերագտնել իսկական ուղին, գծուած նախահայրերու կողմէ, զարդարուած անոնց քաջութեամբ, իրենց հոգևորութեամբ և Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութեամբ։
Աղօթենք, ըսաւ ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը աշխարհի մէջ բոլոր հալածուած Քրիստոնեաներուն համար, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ եւ հայցենք Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի ու իրենց հաւատքին համար տառապած բոլոր նահատակներուն բարեխօսութիւնը, որպէսզի մենք ալ, մեր առօրեայ կեանքին մէջ քաջութիւնը ունենանք ըսելու. Կ՛ապրինք Քրիստոսի համար, ու եթէ անհրաժեշտ է մենք պատրաստենք մեռնելու Անոր համար»։
«Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան աղօթէ մեզի համար», եղան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հայրապետին քարոզի եզրափակիչ խօսքերը։
Յայտնենք` որ պատարագի երգեցողութիւնը ապահովեց Սաղմոսերգու արական երգչախումբը, որ այս առիթով ժամանած էր Հայաստանէն ու պատարագի աւարտին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ անգամ մը եւս հնչեց հայկական տուտուկը Նայիրի Արնելեան, Լիբանանի Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտուհի որ հանրութեան ներկայացուց Սուրբ Իգնատիոս Մալոյանին նուիրուած բազմաչարչար շարականը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ