Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (41)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

41.- ՄԽԻ­ԹԱՐ Կ՚Ա­ՊԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՎԵ­ՂԱ­ՐԱ­ՒՈՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՎԱՆ­ՔԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Դժ­բախ­տա­բար այս գե­ղե­ցիկ օրե­րը եր­կար չեն տե­ւեր։  Մէկ ամիս չան­ցած, 170­1ի Մայիս ամ­սուն, Ադ­րիանու­պոլ­սոյ եպիս­կո­պո­սը՝ Եփ­րեմ Ղա­փան­ցին լա­տին­նե­րուն յա­րող հայե­րուն դէմ թուրք եպար­քո­սէն հրա­մա­նա­գիր կը յա­ջողց­նէ ստա­նալ, եւ քա­նի որ պատ­րիար­քու­թեան կը ձգ­տէր, անոնց որ­պէս պա­րագ­լուխ կը մատ­նան­շէ Մել­քի­սէթ պատ­րիար­քը, եւ չորս վար­դա­պետ­ներ որ Կոստ­սանդ­նու­պո­լիս կը գտ­նուէին, որոնց մէջ էր Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցին, Խա­չա­տուր Կար­նե­ցին, Պետ­րոս Մց­խի­թա­ցին եւ Սար­գիս Եւ­դո­կիացին, եւ երեք քա­հա­նա­ներ որ Ադ­րիանու­պո­լիս գտ­նուե­լով ան­մի­ջա­պէս շղ­թա­յա­կապ կ՚ու­ղար­կուին թիարա­նի բան­տը։

Մ­խի­թար իրեն յա­տուկ խո­հե­մու­թեամբ 1701 Մայիս 1ին Մել­քի­սէթ պատ­րիար­քէն հրա­մա­նա­գիր խնդ­րած եւ ստա­ցած էր անոր իշ­խա­նու­թեան տա­րածք­նե­րէն ներս ան­խա­փան քա­րո­զե­լու։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, երբ իր մտե­րիմ բա­րե­կամ­նե­րէն ստոյգ կեր­պով կ՚ի­մա­նայ որ հե­տապնդ­ման ար­քու­նի հրա­մա­նա­գի­րը հա­սած է Կոս­տանդ­նու­պո­լիս եւ ինքն ալ որո­նուած ան­ձե­րու ցան­կին մէջ է, ան­մի­ջա­պէս կը յանձ­նա­րա­րէ տան բո­լոր կահ կա­րա­սին հա­ւա­տա­րիմ դրա­ցի­նե­րու տուն տա­նիլ եւ աշա­կերտ­նե­րը իրենց ծնող­քին կամ բա­րե­կամ­նե­րուն տու­նը կը ղր­կէ։ Ին­քը, Հ. Մա­նուէ­լին հետ միասին դռ­նե­րը փա­կե­լով կ՚ա­ճա­պա­րեն Յի­սու­սեան­նե­րու վան­քը ապաս­տա­նիլ, սա­կայն հոն կրօ­նա­ւոր­նե­րը իմա­նա­լով դր­դա­պատ­ճա­ռը՝ խո­հեմ չեն նկա­տեր տեղ տալ Մխի­թա­րի, այլ խոր­հուրդ կու տան շտա­պել եւ ապաս­տա­նիլ Ֆրան­սայի դես­պան՝ Ֆէ­րիոլի ապա­րան­քը, ուր միայն կր­նար ապա­հով ըլ­լալ։ Եւ որով­հե­տեւ վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու վան­քը հոն մօ­տիկ էր՝ կր­նար անոնց քով օթե­ւա­նիլ։

Մ­խի­թար ու­րիշ ելք չու­նէր։ Թէեւ ճամ­բան եր­կար էր եւ ար­դէն վտան­գա­ւոր, սա­կայն Աս­տու­ծոյ վրայ վս­տա­հա­ցած Հ. Մա­նուէ­լի հետ միասին կ՚ա­ճա­պա­րէ հաս­նիլ Ֆրան­սայի դես­պա­նին մօտ։ Բա­րե­կամ մը հե­ռուէն կը տես­նէ Մխի­թա­րը որ իր աշա­կեր­տին հետ կը հե­ռա­նար, իսկ իրենց ետե­ւէն, որոշ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, քա­ղա­քա­պե­տի ոս­տի­կան­նե­րը հայի զգեստ­նե­րով ծպ­տուած՝ կը շտա­պէին դէ­պի Մխի­թա­րի վար­ձած տու­նը՝ զինք ձեր­բա­կա­լե­լու հա­մար։ Աս­տուա­ծային նա­խախ­նա­մու­թեամբ ոչ իրենք ոչ ալ անոնց առաջ­նոր­դո­ղը կ՚անդ­րա­դառ­նան որ Մխի­թար իրենց առ­ջե­ւէն կը քա­լէր։ Այս­պէս, մինչ անոնք դէ­պի տուն կ՚ուղ­ղուին խու­զար­կե­լու՝ Մխի­թար բա­րե­յա­ջող կը հաս­նի դես­պա­նին ապա­րան­քը եւ հոն կ՚ա­պաս­տա­նի։ Օրեր ան­ց, Մխի­թա­րի բա­րե­կա­մը որ հե­ռուէն հե­տե­ւած էր ոս­տի­կան­նե­րուն, այս աս­տուա­ծային յա­տուկ մի­ջամ­տու­թեան ակա­նա­տես վկան կը ներ­կա­յա­նայ եւ ման­րա­մասն կը պատ­մէ տե­սա­ծը։ Մխի­թար փառք կու տայ Աս­տու­ծոյ, որ զինք պա­հած եւ ազա­տած էր այդ մեծ փոր­ձան­քէն։

Մ­խի­թա­րի խնդ­րան­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու վան­քին մէջ սե­նեակ մը կը տրա­մադ­րեն իրեն, ուր Ֆրան­սայի դես­պա­նին հո­վա­նիին տակ՝ բո­լո­րո­վին ապա­հով էր ամէն փոր­ձան­քէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2025, 07:45