Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (44)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

44.- ՄԽԻ­ԹԱՐ Կ՚ԱՆՑՆԻ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Ունկնդրէ լուրը

Մ­տե­րիմ­նե­րու մի­ջո­ցով Մխի­թար կը տե­ղե­կա­նայ որ Զմիւռ­նիա գա­ցող պատ­րաստ նաւ մը կար։ Հա­րուստ վա­ճա­ռա­կա­նի հա­գուստ­նե­րով ծպ­տուած կ՚ա­ճա­պա­րէ իր հետ եղած աշա­կերտ­նե­րով նաւ մտ­նել եւ հե­ռա­նալ Կոս­տանդ­նու­պո­լի­սէն։ Հայր Մա­նուէ­լը, Յով­հան­նէս սար­կա­ւա­գը եւ Մի­քայէլ պա­տա­նին ալ ծպ­տուած էին որ­պէս իր աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը։ Զմիւռ­նիա հաս­նե­լուն պէս Վե­նե­տիկ մեկ­նող նա­ւի մը կը հան­դի­պին, եւ գիտ­նա­լով հան­դերձ որ այդ նա­ւը Պե­ղո­պո­նէս կան­գառ պի­տի չը­նէր, ան­մի­ջա­պէս կը բարձ­րա­նան, վայր­կեան առաջ լքե­լու հա­մար այդ սպառ­նա­լից եր­կի­րը։­

Աս­տուա­ծային բա­րե­գութ նա­խախ­նա­մու­թեամբ՝ բա­րե­յա­ջող քա­մի մը կը բարձ­րա­նայ եւ կ՚ու­ռեց­նէ նա­ւուն պար­զած առա­գաստ­նե­րը եւ զի­րենք կը քշէ հե­ռա­ւոր քրիս­տո­նեայ ափեր։ Տաս­նը­հինգ օր նա­ւար­կե­լէ ետք, 170­2ի Հոկ­տեմ­բե­րի վեր­ջը կը հաս­նին Զա­կիւն­թոս, կամ Զան­թա կղ­զին։ Հոն ափ իջ­նե­լով՝ փառք կու տան Աս­տու­ծոյ այդ ան­նկա­րագ­րե­լի վտանգ­նե­րէն եւ տա­ռա­պա­լից փոր­ձանք­նե­րէն վեր­ջա­պէս ազա­տած ըլ­լա­լու հա­մար։

Մ­խի­թար իրենց ան­փոր­ձանք ժա­մա­նու­մին մա­սին ան­մի­ջա­պէս նա­մա­կով մը կը տե­ղե­կաց­նէ իր միւս աշա­կերտ­նե­րը, որ Պե­ղո­պո­նէ­սի Նէապո­լիս քա­ղա­քը հա­ւա­քուած՝ իրեն կը սպա­սէին։

­Մաք­րա­րա­նի քա­ռաս­նօ­րեայ ժա­մա­նա­կը աւար­տե­լուն՝ ար­դէն վրայ հա­սած էր ձմ­րան ցր­տա­շունչ քա­մի­նե­րու շր­ջա­նը եւ Մխի­թար իր հետ եղած աշա­կերտ­նե­րուն հետ միասին կը ստի­պուի Զան­թա մնալ մին­չեւ Յու­նուա­րի վեր­ջը։ Այս­պէս 1703 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րին նա­ւար­կե­լով Պե­ղո­պո­նէ­սի շր­ջա­նը կ՚ը­նէ՝ արե­ւե­լեան ափը ան­ցնե­լու հա­մար։ Կէս ճամ­բուն՝ նա­ւը կը մտ­նէ Մե­թոն բեր­դա­քա­ղա­քի նա­ւա­հան­գիս­տը եւ Մխի­թար քա­նի մը օր ցա­մաք ել­լե­լով կը հան­դի­պի «բա­րե­պաշտ եւ խո­հեմ բնա­կիչ­նե­րու», եւ կը ծա­նօ­թա­նայ քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան եւ կեն­սա­մա­կար­դա­կին։ Ժա­մա­նա­կա­գի­րը չի յս­տա­կեր ար­դեօք հայե՞ր էին թէ ոչ։

­Շա­րու­նա­կե­լով իրենց նա­ւագ­նա­ցու­թիւ­նը՝ կը հաս­նին Պե­ղո­պո­նէ­սի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Նէապո­լիս, ուր իրենց ան­համ­բեր կը սպա­սէին իր ու­թը աշա­կերտ­նե­րը։ Հոն էին նաեւ Սե­բաս­տա­ցի Յով­նան եպիս­կո­պո­սը, Յա­րու­թիւն պա­տա­նին, Ան­տոնն ու Մար­տի­րո­սը, որոնք իրենց հետ միասին կը բնա­կէին վար­ձու առած տան մը մէջ։

­Զան­թա եղած ատեն ար­դէն Նէապո­լիս գտ­նուող իր միաբան­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին թէ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւ­նը տրա­մա­դիր էր բնա­կու­թեան վայր եւ ապ­րուս­տի հո­ղա­տա­րածք տրա­մադ­րել հե­ռա­ւոր եր­կիր­նե­րէն գաղ­թող քրիս­տո­նեանե­րուն։ Այս­պէս, հա­զիւ Նէապո­լիս հա­սած՝ հա­մա­խոհ­նե­րու խում­բին աւագ­նե­րով կը խորհր­դակ­ցին թէ ո՛ւր հաս­տա­տեն իրենց բնա­կու­թիւ­նը։ Եւ քա­նի որ Մխի­թար ճամ­բոր­դու­թեան ըն­թաց­քին աչ­քով տե­սած էր Մե­թոն բեր­դա­քա­ղա­քի ամ­րու­թիւ­նը, եւ տեղ­ւոյն վրայ իմա­ցած էր թէ բնա­կիչ­նե­րուն մեծ մա­սը կա­թո­ղի­կէ է, իշ­խող ազ­նուա­կան­նե­րով եւ զի­նուո­րա­կան­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ Քիոս կղ­զիէն հոն ապաս­տա­նած մար­դիկ, որ իրենց գեր­դաս­տան­նե­րով այդ­տեղ հաս­տա­տուած ըլ­լալ­նուն հա­մար պե­տու­թե­նէն ստա­ցած էին բնա­կե­լու վայ­րը եւ հո­ղա­մա­սեր որ­պէս եկա­մուտ՝ կ՚ո­րո­շեն Մե­թոն հաս­տա­տուիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2025, 08:36