Որոնել

2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (65)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

65.- ՄԵ­ԹՈ­ՆԻ ՄԷՋ ԵՒ­ԴՈ­ԿԻԱՑԻ ՏԻ­ՐԱ­ՑՈՒ ԵՂ­ԲԱՅՐ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷ­ՍԸ ԿԸ ՎԱԽ­ՃԱ­ՆԻ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­ Մխի­թար Վե­նե­տի­կի մէջ իր բո­լոր ծա­նօթ­նե­րը գործի լծե­լով՝ ամէն ջանք կը գոր­ծադ­րէ տե­ղա­հա­նուած փոք­րիկ միաբա­նու­թեան հա­մար կա­ցա­րան եւ հո­գե­պա­հուստ ապա­հո­վե­լու հա­մար։ Սա­կայն առօ­րեայ այս բո­լոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով, նե­ղու­թիւն­նե­րով եւ վազվ­զու­քով հանդերձ վայր­կեան մը անգամ Մե­թո­նի միաբա­նա­կից­նե­րը մտքէն չի կրնար հանել։ Ան­տա­րա­կոյս, իր ան­սա­սան հա­ւատ­քը եւ վս­տա­հու­թիւնը Աս­տու­ծոյ վրայ էր, ամ­բողջ սր­տով յոյ­սը դրած բա­րե­գութ Խա­չեալի եւ քաղց­րա­գո­րով Տի­րա­մօր վրայ, սա­կայն գի­շեր-ցե­րեկ կը տան­ջուէր իր եղ­բայ­րա­կից­նե­րուն հո­գե­կան խռովքն ու ապ­րում­նե­րը պատ­կե­րաց­նե­լով։

­Մե­թո­նի վան­քը եօթ հո­գի մնա­ցած էին. չոր­սը քա­հա­նայ իսկ երե­քը եղ­բայր։ Հ. Ղա­զա­րը՝ Փոխ­-Աբ­բան, 47 տա­րե­կան էր, տաս­նը­մէկ տա­րուան քա­հա­նայ. իր օծակիցն էր Հ. Թով­մա­սը՝ 23 տա­րե­կան. Հ. Մա­նուէ­լը՝ 48 տա­րե­կան, 15 տա­րուան քա­հա­նայ, իսկ նո­րօծ Հ. Յա­կո­բը՝ 29 տա­րե­կան։ Երեք եղ­բայր­նե­րէն տի­րա­ցու Յով­հան­նէս սար­կա­ւա­գը՝ ամե­նա­տա­րեցն էր, 49 տա­րե­կան, եղ­բայր Մար­կո­սը՝ 37, իսկ եղ­բայր Մկր­տի­չը՝ 28 տարեկան։

Մ­խի­թա­րի մեկ­նե­լէն ետք ան­պատ­մե­լի ճնշիչ դատարկութիւն մը տիրած էր, մե­նու­թեան եւ սար­սա­փի զգա­ցում­նե­րով հա­մա­կուած էր իրենց սիրտերուն մէջ։ Վան­քի իւ­րա­քան­չիւր ան­կիւ­նը կը թն­դար եւ կ՚ար­ձա­գան­գէր. քսան միաբա­նի փո­խա­րէն եօ­թը հո­գի մնա­ցած էին եկե­ղե­ցւոյ, սե­ղա­նա­տան, մի­ջանցք­նե­րուն եւ սե­նեակ­նե­րուն մէջ։ Բայց յատ­կա­պէս Մխի­թար Աբ­բա­հօր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը անտանելի ցաւ մըն էր, որ ոչ մէկ ձե­ւով կա­րե­լի էր փա­րա­տել։

Հա­զիւ մէկ շա­բաթ ան­ցած էր, որ Մխի­թար եւ տաս­նը­մէկ միաբան­նե­րը Վե­նե­տիկ տա­նող նա­ւը՝ խա­րիս­խը վեր­ցու­ցած եւ առա­գաստ­նե­րը պար­զելով ճամ­բայ ելած էր, երբ Եւ­դո­կիացի տի­րա­ցու եղ­բայր Յով­հան­նէ­սի առողջական վիճակը կը ծան­րա­նայ եւ տա­րի­ներ շա­րու­նակ զինք տան­ջած աղիք­նե­րու հի­ւան­դու­թիւ­նը մա­հուան դու­ռը կը հաս­ցը­նէ։ Բա­րե­պաշ­տու­թեամբ կը ստա­նայ հի­ւանդ­նե­րու օծու­մը, կը խոս­տո­վա­նի եւ սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւ­նը որ­պէս թո­շակ ըն­դուն­լով՝ խա­ղաղ կը նն­ջէ ար­դար­նե­րու մա­հով, հո­գին աւան­դե­լով 7 Մարտ 171­5ին։

Եղ­բայր Յով­հան­նէ­սը տաս­ներ­կու տա­րի է որ կը ծա­ռայէր միաբա­նու­թեան։ Հ. Մատ­թէոս ժա­մա­նա­կա­գի­րը կը պատ­մէ թէ ան Եւ­դո­կիոյ երե­ւե­լի ան­ձե­րէն մէկն էր, որ շուրջ քա­ռա­սուն տա­րե­կա­նին հրա­ժա­րե­լով աշ­խար­հի վայելք­նե­րէն կ՚ա­շա­կեր­տի Մխի­թա­րի եւ ուս­ման նուի­րուե­լու տա­րի­քը ան­ցած ըլ­լա­լով՝ խո­նար­հու­թեամբ յանձն կ՚առ­նէ ծա­ռայել հա­սա­րա­կու­թեան որ­պէս խո­հա­րար։ Շատ բա­րե­պաշտ, բա­րե­համ­բոյր, ծա­ռա­յա­սէր, եղ­բայ­րա­սէր էր։ Միշտ ժպ­տա­դէմ եւ պատ­րաս­տա­կամ բո­լոր եղ­բայր­նե­րուն օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար։ Վարժ գրա­գիր ըլ­լա­լով՝ Մխի­թար Աբ­բա­հօր յօ­րի­նած դա­սա­գիր­քե­րը սի­րով կ՚ըն­դօ­րի­նա­կէր՝ ուս­ման նուի­րուած միւս եղ­բայր­նե­րուն հա­մար։ Ոչ միայն ճաշ կը պատ­րաս­տէր, այլ լուաց­քը կ՚ը­նէր, ամէ­նուն մա­զե­րը կը սափ­րէր, հի­ւանդ­նե­րը կը խնա­մէր, փայտ կը կրէր։ Մէկ խօս­քով կա­տա­րեալ հնա­զան­դու­թեամբ իր կեան­քը ան­ցու­ցած էր, իր խօս­քե­րով՝ «Յի­սուս Քրիս­տո­սի փառ­քին հա­մար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2026, 08:02