ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը 69)
69.- ՄԽԻԹԱՐ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ ՎԱՆՔ ՄԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մխիթար Վենետիկ հասնելուն ժամանակ չէր կորսնցուցած. 1715ի Ապրիլին, արդէն իսկ քառասնօրեայ արգելարանին մէջ եղած ժամանակամիջոցին, իր ծանօթներուն միջոցով դիմումնագիր ներկայացուցած էր Տէրութեան Իշխանին՝ Վենետիկի Տոժին եւ Ծերակոյտին՝ Մեթոնի մէջ կորսնցուցած մենաստանին փոխարէն, իրեն եւ տասնըմէկ եղբայրակիցներուն վանք մը յատկացնելու խնդրանքով։ Շատ հաւանաբար, Մխիթար նշած էր նաեւ որ Սան Սերվոլոյի վանքը կ՚ակնկալէր։
Արդարեւ, այս խնդրանքին առիթ եւ հիմնաւորում տուող պատմական նախադրեալ մը կար։
Երբ 1647ին օսմանեան նաւատորմը կը յարձակի Վենետիկի Տիրապետութեան արեւելեան տարածքներուն մաս կազմող Կրետէ կղզիին վրայ, Հասարակապետութիւնը 200 մայրապետ կը տարհանէ եւ կը տեղափոխէ Վենետիկ, յոյն եւ վենետկեցի կրօնաւորուհիները թշնամիներու վայրագութիւններէն ազատելու համար։ Քանտիայէն (Կրետէ) փախստական մայրապետները երեք միաբանութիւններու կը պատկանէին. Բենեդիկտեան, Դոմինիկեան եւ Փրանկիսկեան։ Անոնք յունախօս էին, եւ իւրաքանչիւր կարգ ունէր իր մեծաւորուհին։ Հետերնին ունէին նաեւ իրենց նաժիշտները։ Առժամապէս զիրենք կը տեղաւորեն Սան Սերվոլոյ կղզին, յուսալով որ շուտով Կրետէն կ՚ազատագրեն եւ կը վերաբնակեցնեն, իրենց վանքերը վերադարձնելով նաեւ մայրապետները։ Սակայն անհնար կ՚ըլլայ իրականացնել այս ծրագիրը, եւ յիսուն տարուան ընթացքին կրօնաւորուհիները կը վախճանին։ Վերջին երկու իննսնամեայ մայրապետները՝ Մարիա Անյեզէ տէ Քա՚ Կրեկոյ եւ Անյեզէ Էրիցցա (Maria Agnese de Ca' Grego e Agnese Erizza) զիրենք խնամող յունախօս երկու կիներուն հետ կը տեղափոխուին Քորբուս Տօմինի եւ Սանթա Մարիա Մաճճիորէ վանքերը։ Այսպէս 1716ի Յունիս 4ին պաշտօնապէս կ՚աւարտի կրետացի յունախօս կրօնաւորուհիներու Սան Սերվոլոյի մէջ կեցութեան փուլը։
Ուստի, Մխիթար կը խնդրէր այս օրինակին վրայ իրեն տրամադրել այդ կղզին, սակայն Ծերակոյտը կը մերժէ երկու հիմնաւորումով. նախ՝ քանի որ 10 Յունուար 1604ի օրէնքը կ՚արգիլէր նոր վանական համալիրներ հաստատել Վենետիկի Տէրութեան ամբողջ տարածքին մէջ։ Երկրորդ՝ քանի որ Սան Սերվոլոյի վանքը արդէն յատկացուցած էին զինուորական հիւանդանոց մը կառուցելու նպատակով։
Հետեւաբար, հազիւ վարձակալած բնակարանին մէջ տեղաւորուած, 1715 թուականի Մայիսին Մխիթար Աբբահայր պաշտօնական նամակով մը կը դիմէ «Վանորէից հոգաբարձու» պետական վարչութեան, խնդրելով որ դրապէս արտայայտուի եւ յայտարարէ որ ոչ մէկ խոչընդոտ կայ իր միաբանակիցներով Վենետիկի մէջ հաստատուելու համար։
Մխիթար գիտակից էր որ հորիզոնի վրայ սեւ ամպերու նման լուրջ դժուարութիւններ կը կուտակուէին, բոլորովին տարբեր արեւելեան բիրտ բարբարոսութենէն, բայց հաւասարապէս եւ գուցէ աւելի դաժան եւ ջլատիչ... սակայն գօտեպնդուած Խաչեալի եւ Աստուածամօր հանդէպ անսակարկ վստահութեամբ կը յանձնարարէ իր աշակերտներուն աղօթքով հայցել Աստուծոյ բարեհաճութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.