Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կը ցաւիմ Քոնկօ եւ Հարաւային Սուտան նախատեսուած ճամբորդութիւնը յետաձգելուս համար։

Քահանայապետը ներողութիւն խնդրեց ճամբորդութեան յետաձգումին համար, յիշեց նոր երանելիները, Մանկական աշխատանքի դէմ համաշխարհային օրը եւ Ուքրանիոյ պատերազմը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12 Յունիս 2022ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, նախ յիշեց երէկ Լեհաստանի մէջ Երանելի հռչակուած Քոյր Փասքուալինա Ժանը եւ անոր ինը նահատակ միաբանակիցները, Սրբուհի Էլիզապէթ Մայրապետներու միաբանութենէն, որոնք սպաննուեցան համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին իրենց հաւատքին համար։

Նոր Երանելիներ

«Այս տասը կրօնաւորուհիները, հակառակ վտանգի գիտակցութեան, մօտիկ մնացին հիւանդներուն եւ տարեցներուն։ Անոնց Քրիստոսի նկատմամբ հաւատարմութիւնը, օգնէ մեզի բոլորիս, յատկապէս աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն, քաջութեամբ վկայելու Աւետարանը» ըսաւ Սրբազան Պապը խնդրելով ծափահարութեամբ ընկալել այս լուրը։

Քահանայապետին ներողութիւնը ճամբորդութեան յետաձգումին համար

Սրբազան Պապը հուսկ ներողութիւն խնդրեց Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի իշխանութիւններէն յառաջիկայ մէկ Յուլիսին նախատեսուած առաքելական ճամբորդութիւնը յետաձգելուն համար։

«Այժմ կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի իշխանութիւններուն։ Սիրելիներ, մեծ դժգոհութեամբ, ոտքի հարցերու պատճառաւ, ստիպուած եղայ Յուլիս ամսուայ առաջին օրերուն նախատեսուած ձեր Երկիրներուն ճամբորդութիւնը յետաձգել։ Ես իսկապէս կ՜ափսոսամ, որ ստիպուած եղայ յետաձգել այս ճամբորդութիւնը որ զիս մեծապէս կը հետաքրքրէ։ Ձեր ներողամտութիւնը կը հայցեմ ասոր համար։ Միասին աղօթենք որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ եւ բժշկական խնամքներով ես կարուանամ ձեր մօտը գալ հնարաւորինս շուտ։ Մնանք Վստահութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Մանկական աշխատանքի դէմ միջազգային օր

Ան ապա յիշեցուց` որ այսօր կը նշուի մանկական աշխատանքի դէմ համաշխարհային օրը հրատէր ուղղելով բոլորին, յանձնառու ըլլալու եւ «ջնջելու այս վէրքը», որպէսզի ոչ մի մանուկ «զերծ մնայ իր հիմնական իրաւունքներէն եւ ստիպուած ըլլայ աշխատելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա դարձեալ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ ի նպաստ մաղթելով որ ժամանակը որ կ՜անցնի չի պաղեցնէ մեր տառապանքն ու մտահոգութիւնը հանդէպ մարտիրոս ժողովուրդին։

Կոչ ի նպաստ Ուքրանիոյ

«Չի վարժուինք այս իրականութեան։ Զայն պահենք միշտ մեր սրտին մէջ։ Աղօթենք եւ պայքարինք խաղաղութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը ու ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու տարբեր խումբերը. բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2022, 12:30