Որոնել

Ուքրանիա պատերազմ Ուքրանիա պատերազմ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց դաժան պատերազմէն տառապող Ուքրանիոյ ժողովուրդը։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս կատարած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ Իտալացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց Արեւելեան եւրոպայի երկրին մէջ տեղի ունեցող ողբերգական պատերազմը ու բոլոր անոնք որոնք դժուարութիւններով լի կ՝անցնին մարզերէն եւ ծովային հատուածներէն, յուսալով աւելի լաւ ապագայ մը։

«Կարելի չէ խաղաղութեան կառուցողներ դառնալ, ըլլայ ընտանիքին եւ եկեղեցւոյ մէջ, միութիւն. եւ զայն պէտք է կատարել, որովհետեւ լաւ գործ մըն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ուքրանիոյ տառապանքներն ու գաղթականներու հոսքը։

ֆրանչիսկոս Պապ ապա խնդրեց աղօթել Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար, որ կը շարունակէ տառապիլ այդ դաժան պատերազմէն, աղօթել նաեւ գաղթականներու համար, որոնց թիւը միշտ աճումի մէջ է։

ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Քուպայի մէջ հրդեհներէն տուժած անձերուն։

Ողջունելով ապա Սպանացի ուխտաւորները ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Քուպայի Մաթանզաս քաղաքի նաւթի պահեստանոցի մօտ բռնկած հրդեհներէ տուժած անձերուն խնդրելով երկինքի Տիրամայրէ, որ հսկէ այդ ողբերգութեան զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն վրայ ու բարեխօսէ մեզի համար, որպէսի կարենանք վկայել հաւատքն ու յոյսը կեանքին մէջ։

Յայտնենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապ վերջերս Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ ցաւակցական հեռագիր յղեց Քուպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահին, ապահովուելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը Քուպայի ժողովուրդի ու հրդեհներէն տուժած ընտանիքներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2022, 11:16