Որոնել

Արաբիոյ Տիրամօր մայր տաճար Արաբիոյ Տիրամօր մայր տաճար 

Ֆրանչիսկոս Պապ նոյեմբերին կ՜այցելէ Պահրէյնի Թագաւորութիւնը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց որ ֆրանչիսկոս Պապը Պահրէյն պիտի այցելէ 3էն 6 նոյեմբերին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթթէօ Պրունի յայտարարութիւն մը հրապարակեց տեղեկացնելով, որ յառաջիկայ 3էն-6 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս ՊապԸ առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի  Պահրէյնի Թագաւորութիւն։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ընդառաջելով եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հրաւէրին, Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի կատարէ,  յայտարարուած  առաքելական ճամբորդութիւնը Պահրէյնի Թագաւորութիւն, այս տարուայ 3-էն-6 նոյեմբերին, այցելելով Մանամա եւ Ավալի քաղաքները, Պահրէյնի մէջ երկխօսութեան նուիրուած «Արեւելք եւ Արեւմուտք, յանուն մարդկային համակեցութեան» խորագիրով վեհաժողովին առթիւ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ «այցելութեան օրակարգն ու յաւելեալ տեղեկութիւնները պիտի յայտարարուին յառաջիկային»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2022, 12:20