Որոնել

«Աստուած միշտ Նոր է» Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հոգեւոր մտածումները պարունկող գիրքը  «Աստուած միշտ Նոր է» Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հոգեւոր մտածումները պարունկող գիրքը  

«Աստուած միշտ նոր է» հատորը վաճառքի մէջ է

Վատիկանեան LEV հրատարակչատան կողմէ հրապարակած «Աստուած միշտ նոր է» հատորը այսօրուընէ վաճառքի մէջ է գրախանութներու մէջ։ Գիրքը Պենետիկտոս ԺԶի քրիստոնէական հաւատքի գլխաւոր թեմաներու շուրջ ծաւալուն ծաղկաքաղ մըն է, որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Աստուած միշտ նոր է» գիրքը «Պենետիկտոս ԺԶի գրուածքներու հոգևոր համադրութեան տեսակ մըն է. այստեղ կը փայլի քրիստոնէական հաւատքի խորութիւնը նորովի ցոյց տալու անոր կարողութիւնը»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող նախաբանը այս նկարագրութեամբ կը մատուցէ հատընտիրը ընթերցողներուն, որ այսօրուընէ՝ Յունուար 19էն վաճառքի մէջ է գրախանութներուն մէջ։

2005 թուականի ապրիլի 19-ին աշխարհին որպէս «Տիրոջ այգիին մէջ խոնարհ աշխատող» ներկայացած Պապը միշտ հետապնդած է ճշմարտութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով հաւատքի և բանականութեան խորը փոխյարաբերութիւնները։

Աստուծոյ և Յիսուսի, հաւատքի, սիրոյ և աղօթքի, երիտասարդներու և ընտանիքի, յոյսի, սրբութեան, ճշմարտութեան և ազատութեան և ուրախութեան մասին են գիրքին ինը գլուխները, որոնց միջոցաւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ յստակ և վառ միտքով կը պատկերացնէ քրիստոնէութեան գեղեցկութիւնը՝ քննութեան առնելով Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնները։

Աստուած միշտ պէտք ենք փնտռել և լսել կը բացատրէ երջանկայիշատակ Պապը գիրքին մէջ. «Պէտք ենք Աստուծոյ նորէն ներկայացնենք մեր հասարակութիւններու մէջ: Սա, կը կարծեմ, առաջին անհրաժեշտութիւնն է. որ Աստուած նորէն ներկայ ըլլայ մեր կեանքին մէջ»։ «Աստուած կը սիրէ իր արարածին՝ մարդուն. Ան զինք կը սիրէ նոյնիսկ իր սայթաքումի ատեն և չի լքեր զինք: Ան կը սիրէ մինչև վերջ»:

«Ժոզէֆ Ռացինկերի միտքին խորութիւնը՝ հիմնուած Սուրբ Գիրքի և Եկեղեցւոյ հայրերուն վրայ, այսօր ալ կ’օգնէ մեզի», գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ իր նախաբանին մէջ՝ ընթերցողին մաղթելով գտնել գիրքին էջերի մէջ «Յիսուսի հետ նոր և կենսատու հանդիպման շնորհը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2023, 12:12