Որոնել

Ճեմելլի հիւանդանոցին առջեւ աղօթք Ճեմելլի հիւանդանոցին առջեւ աղօթք  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սրբազան Պապը լաւ քնացած է, բոլոր գիշերը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած տեղեկութիւնը` 25 Փետրուար 2025 առաւօտեան
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրերը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սրբազան Պապը լաւ քնացած է, բոլոր գիշերը. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին Քահանայապետի առողջութեան մասին լուրերու թարմացումն է սա որ հրատարակուեցաւ 25 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան։

Երէկ երեկոյեան` 24 Փետրուարին հրատարակուած այլ մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ Սրբազան Պապին առողջական պայմանները քիչ մը աւելի լաւ են ու թէ այլեւս նոր շնչառական տագնապներ չկային, մինչ թթուածինի հոսքի կիրառումը նուազած էր ու քննութիւնները բարելաւում ցոյց կու տային։

Հաստատուած էր նաեւ թէ «Երիկամներու թեթև անբաւարարութիւնը անհանգստութեան պատճառ չէր», ու թէ Նորին Սրբութիւնը վերադարձած է աշխատանքի և երեկոյեան հեռաձայնած է Կազայի ժողովրդապետութեան։

Մինչ այդ նշենք` որ այս երեկոյ եւս Սուրբ Պետրոսի մէջ նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, նուիրուած Սրբազան Պապի ապաքինումին, զոր պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ։ Աղօթք զոր սկիզբ առաւ երէկ երեկոյեան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուպար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ, եւ պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն։

Յայտնենք` որ կը տեղեկացուի նաեւ թէ Սրբազան Պապը արթննալէն ետքը շարունակած է դարմանումը։ Նոր շնչառական տագնապներ չկան։

Նորին Սրբութիւնը երէկ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ ընդունած է Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ Պետական Քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործերու տեղակալ Գերապ. Փենիա Փառա, Սուրբերուն դատին Վերատեսչութեան հայող հրամանագիրերու ստորագրութեան համար. որոնք հրապարակուեցան այսօր։

Լուրին թարացումը` ժամը 12.00

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2025, 08:25