Որոնել

Ճեմելլի հիւանդանոց Ճեմելլի հիւանդանոց   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Հանգիստ գիշեր Ֆրանչիսկոս Պապին համար

Այսօր` չորեքշաբթի 12 Մարտին, պիտի տարածուին բժիշկներու կողմէ յաւելեալ տեղեկութիւններ։ Այսօր առաւօտեան եւս Քահանայապետը շարունակեց նշանակուած դարմանական խնամքները ու հետեւեցաւ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւններուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայակական Բաժանմունք

Անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին համար երեքշաբթի 11  մարտէն չորեքշաբթի 12 մարտ երկարող գիշերը եւս անցաւ անդորր։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 12 Մարտի առաւօտեան ժամը 8,31-ին հրատարակելով հետեւեալ հակիրճ տեղեկութիւնը. «Սրբազան Պապը անցուց անդորրդ գիշեր մը»։ 

Իսկ նախօրօք հրապարակուած այլ հաղորդագրութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը անդրադարձած էր Նորին Սրբութեան 11 մարտի գործունէութեան եւ բուժարանային պայմաններուն ու բուժական խնամքներու մասին տեղեկացնելով որ Ան հերակապով հետեւած էր Հռոմի Քուրիայի մտածականներու առաւօտեան եւ երեկոյեան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած նիստերուն ու թէ հիւանդանոցի իր յարկաբաժնի մարտան մէջ ամփոփուած էր աղօթելու։

Քահանայապետը շարունակած է դարմանական խնամքը ինչպէս նաեւ օրուան ընթացքին թթուածնային բարձ հոսքի կիրառումը։

Նոյն աղբիւրը տեղեկացուցած էր որ այսօր` չորեքշաբթի 12 Մարտին, պիտի տարածուին բժիշկներու կողմէ յաւելեալ տեղեկութիւններ ու նաեւ թէ չորեքշաբթի օր ըլլալով հանդերձ չէ նախատեսուած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն հրատարակումը արդեն իսկ չէր նախատեսուած, ի տես այս օրերուն տեղի ունեցող Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւններուն։

12 Մարտի կէսօրուայ ժամերուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց որ այսօր առաւօտեան եւս Քահանայապետը հերակապ կապով հետեւեցաւ` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիին Պօղոս Զ դահլիճին մէջ վարած Հոգեւոր կրթութեան նիստերուն։ Ան շարունակեց նշանակուած դարմանական խնամքները, որոնց շարքին շնչառական և շարժական ֆիզիոթերափիան։

Երեկոյեան կը հրատարակուի բժշկական նոր տեղեկագիր մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2025, 08:38