Որոնել

2025.08.10 Angelus

Բաժնուած աշխարհի մէջ ըլլանք «ողորմութեան և խաղաղութեան պահապաններ». Լեւոն ԺԴ.

«Ողորմութեան գործերը ամենաապահով եւ շահաբեր դրամատունն են, որուն վստահիլ մեր կեանքին գանձը, որովհետեւ ճիշտ այնտեղ է ուր, ինչպէս կը սորվեցնէ Աւետարանը, նոյնիսկ երկու դահեկանով այրի կին մը կարող է դառնալ աշխարհիս ամենահարուստ անձը» (Հմմտ Մարկոս 12,41-44)»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 10 օգոստոս 2025-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը օգոստոս ամսուայ այս երկրորդ կիրակի օրուայ Մարմեան աղօթքը գլխաւորեց առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սովորութեան համաձայն Նորին Սրբութիւնը աղօթքէն առաջ ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած սուրբ գրային ընթերցումը, որուն մէջ Յիսուս կը հրաւիրէ խոկալու թէ ինչպէս ներդնել մեր կեանքին գանձը (Ղուկ. 12,32-48)։ Ան կ՛ըսէ. «Ծախեցէ՛ք ձեր ունեցածը եւ ողորմութիւն ըրէք»։

«Ծախեցէ՛ք ձեր ունեցածը եւ ողորմութիւն ըրէք»։

«Յիսուս մեզ կը խրախուսէ մենք մեզի համար չպահելու Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհքները, այլ զանոնք վեհանձնութեամբ դնելու միւսներու բարիքին ի սպաս, մասնաւորապէս` անոնց որոնք աւելիով կարիքը ունին մեր օգնութեան» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. բացատրելով, որ այս մէկը չի վերաբերիր միայն նիւթական բարիքներուն, այլեւ ժամանակին, հմտութիւններուն, սիրոյն, ներկայութեան և կարեկցանքին։ Այս պարգևները պէտք է մշակուին և օգտագործուին, հակառակ դէպքին անոնք կը ցամքին կամ չարաչար կ՛օգտագործուին։

Սէրը միակն է` որ կը վերափոխէ եւ կ՛ազնուացնէ մեր գոյութիւնը

«Աստուծոյ պարգեւը` զոր մենք ենք, չէ եղած որպէսզի սպառի։ Անիկա կարիքը ունի տարածքի, ազատութեան և կապերու՝ որպէսզի իրականանայ եւ արտայայտուի. ան կարիքն ունի սիրոյ, որ միակն է, որ կը վերափոխէ և կ՛ ազնուացնէ մեր գոյութեան իւրաքանչիւր մասը՝ մեզ աւելիով նմանեցնելով Աստուծոյ։ Պատահական չէ, որ Յիսուս վերոնշեալ խօսքերը կ՛ըսէ Երուսաղեմ երթալու ճանապարհին վրայ, որտեղ ան խաչի վրայ պիտի մատուցէր ինքզինք մեր փրկութեան համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով` որ «Ողորմութեան գործերը ամենաապահով եւ շահաբեր դրամատունն են, որուն վստահիլ մեր կեանքին գանձը, որովհետեւ ճիշտ այնտեղ է ուր, ինչպէս կը սորվեցնէ Աւետարանը, նոյնիսկ երկու դահեկանով այրի կին մը կարող է դառնալ աշխարհիս ամենահարուստ անձը» (Հմմտ Մարկոս 12,41-44)»։

Սիրելու համար առիթ չի կորսնցնենք

Սրբազան Պապը այս առնչութեամբ մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը ապա հրաւիրեց ընտանիքին, ժողովրդապետութեան, դպրոցին ու աշխատանքի վայրին մէջ եւ ուր որ ալ ըլլանք, փորձել ոչ մէկ առիթ կորսնցնել սիրելու համար։ Այս է այն զգօնութիւնը, որ կը պահանջէ մեզմէ Յիսուս` վարժ դառնալ ըլլալու ուշադիր, պատրաստ և զգայուն մէկը միւսին նկատմամբ, ինչպէս Ինք այս մէկը կ՛ընէ իւրաքանչիւր պահուն։

Ըլլանք ողորմութեան և խաղաղութեան պահապաններ

«Քոյրեր և եղբայրներ, այս ցանկութիւնն ու յանձնառումը վստահինք Մարիամին. թող Ան՝ Առաւօտեան Աստղը, օգնէ մեզի, այսքան բաժանումներով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ, ըլլալու ողորմութեան և խաղաղութեան «պահապաններ», ինչպէս մեզի սորվեցուց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը (տե՛ս Երիտասարդութեան ԺԵ համաշխարհային օրուայ աղօթքի հսկում, 19 օգոստոսի 2000թ.) և ինչպէս մեզ այդքան գեղեցիկ կերպով ցոյց տուին Յոբելեանի առիթով Հռոմ եկած երիտասարդները» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով Խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2025, 12:12

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >