Ըլլանք Յիսուսին հաւատարիմ ու քաջ վկաները եւ թիկունք կանգնինք հալածուածներուն. Լեւոն ԺԴ.-ի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 17 Օգոստոսին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը` որ այս օրերուն Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց փոխադրուած է, առաւօտեան Ալպանոյի Սանթա Մարիա Տելլա Ռոթոնտայի սրբավայրին մէջ աղքատներուն հետ միասին մատուցելէ ետք կիրակնօրեայ սուրբ պատարագը, ժամը 12-ին Մարեմեան աղօթքը արտասանեց Քահանայապետական Պալատի մուտքէն եւ սովորութեան համաձայն աղօթքէն առաջ ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, որ ներշնչուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածէ մը (հմմտ, Ղուկ. 12,49-53), ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ` թէ իր եւ իրեն հետեւողներուն առաքելութիւնը հանգստաւէտ պիտի չըլլայ, այլ «նշան հակառակութեան» (Հմմտ. Ղուկ. 2,34)։
Յիսուսին աշակերտներուն առաքելութիւնը հանգստաւէտ չէ
«Այս ըսելով Տէրը կանխեց, այն ինչ ինչ` որ պիտի դիմագրաւէր երբ Երուսաղեմի մէջ պիտի հակադրուէր, ձերբակալուէր, վիրաւորուէր, ծեծուէր և խաչուէր. երբ անոր պատգամը, թէեւ սիրոյ և արդարութեան մասին է, կը մերժուի. երբ ժողովրդին առաջնորդները կատաղի կարձագանքեն անոր քարոզին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով, որ Ղուկաս աւետարանիչ եւս, իր գրութիւնները յղած է նոյն վերոնշեալ վիճակներու մէջ ապրող հասարակութիւններու, որոնք կը ջանային իրենց սահմանափակումներուն հանդերձ ապրիլ Վարդապետին սիրոյ պատգամը բայց եւ այնպէս թիրախ էին հալածանքներու։
Ճշմարտութեան մէջ գործելը սուղ գին մը ունի
«Այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ` որ բարին միշտ ալ չէ, որ իր շուրջը կը գտնէ դրական պատասխան մը։ Ընդհակառակը անոր գեղեցկութիւնը կը խանգարէ անոնք զոր զայն չեն ընկալեր, եւ զայն գործողը կը հանդիպի հակառակութիւններու մինչեւ իսկ ենթակայ դառնալով ծաղրանքի եւ բռնութեան» նշեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «ճշմարտութեան մէջ գործելը սուղ գին մը ունի, որովհետեւ աշխարհին մէջ կան մարդիկ, որ կ՛ընտրեն սուտը, եւ որովհետեւ սատանան այս մէկէն օգտուելով, յաճախ կը փորձէ խոչընդոտել բարի մարդոց գործողութիւնները»։
«Յիսուս սակայն մեզ կը հրաւիրէ չյանձնուելու եւ չհպատակելու այս մտայնութեան այլ շարունակելու գործել ի սպաս մեր ու բոլորի բարօրութեան...կը հրաւիրէ ամբարտաւանութեան չհամապատասխանել վրէժխնդրութեամբ, այլ բարեգործութեամբ հաւատարիմ մնալ ճշմարտութեան։ Նահատակները անոր մասին վկայեցին իրենց արիւնը թափելով հաւատքի համար, բայց մենք ալ, տարբեր հանգամանքներու մէջ և տարբեր ձևերով, կարող ենք ընդօրինակել զանոնք» ըսաւ հուսկ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. այս ուղղութեամբ ներկայացնելով որոշ օրինակներ եւ ակնարկելով Անտիոքացի Սուրբ Իգնատիոսի խօսքերուն որ նահատակուեցաւ Հռոմի մէջ. «Գեղեցիկ է ինծի համար մեռնիլ Յիսուս Քրիստոսի մէջ քան թագաւորել համայն աշխարհին վրայ»։
Ըլլանք Յիսուսին հաւատարիմ վկաները
«Հայցենք Մարիամէն, Մարտիրոսներու Թագուհիէն, որ մեզի օգնէ, որպէսզի իւրաքանչիւր առիթի մէջ ըլլանք իր Զաւկին քաջ եւ հաւատարիմ վկաները ու թիկունք կանգնինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք այսօր կը տառապին իրենց հաւատքին համար» եղան Լեւոն ԺԴ.ի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը եզրափակող խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ