Որոնել

2025.08.15 Angelus

Մարիամ հաւատքի ուխտաւորներուն համար վստահելի յոյսի ու մխիթարութեան նշան. Վերափոման տօնի Մարեմեան աղօթք

«Մարիամ, որ յարութիւն առած Քրիստոսը մարմնով և հոգով Իր հետ տարաւ փառքին մէջ, պատմութեան ընթացքին կը փայլի` որպէս յոյսի խորհրդանիշ իր ուխտաւոր զաւակներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ Տանթէ Ալիկիերիին Սուրբ Կոյսին նուիրած տողերուն, ուր ան որակուած է «յոյսի կենդանի աղբիւր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը որ անցեալ օր տեղափոխուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, ուր պիտի մնայ մինչեւ 19 օգոստոս, ուրբաթ 15 օգոստոսի կէսօրին, Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին օրը, Քասթելա Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատի մուտքէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, մինչ առաւօտուն Ան պատարագ մատուցած էր առաքելական պալատէն ոչ հեռու գտնուող Վիլլանովայի Սուրբ Թովմասի անուան եկեղեցւոյ մէջ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը Սրբազան Պապը ակնարկեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի մասնակցող Հայրերուն Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրած սքանչելի տողերուն, որոնք կը պարունակուած են «Lumen gentium» սահմանադրութեան մէջ, ուր Տիրամայրը ներկայացուած է որպէս «Եկեղեցւոյ սկիզբ ու պատկեր», որ «Երկինք փառաւորուած է մարմնով ու հոգիով» եւ Աստուծոյ ժողովուրդին համար նշան է «վստահելի յոյսի ու մխիթարութեան» մինչեւ Տիրոջ երկրորդ գալուստը։

Մարիամ յոյսի խորհրդանիշ

«Մարիամ, որ յարութիւն առած Քրիստոսը մարմնով և հոգով Իր հետ տարաւ փառքին մէջ, պատմութեան ընթացքին կը փայլի` որպէս յոյսի խորհրդանիշ իր ուխտաւոր զաւակներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ Տանթէ Ալիկիերիին Սուրբ Կոյսին նուիրած տողերուն, ուր ան որակուած է «յոյսի կենդանի աղբիւր»։

Մեր նպատակը Աստուած է

«Քոյրեր և եղբայրներ, մեր հաւատքի այս ճշմարտութիւնը լիովին համահունչ է մեր ապրած Յոբելեանին հետ. «Յոյսի ուխտաւորներ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նշելով, որ «ուխտաւորը կարիքը ունի նպատակի մը` որ կողմնորոշէ իր ճանապարհը, նպատակ\ որ գեղեցիկ ու քաշողական է, քայլերը կ՛առաջնորդէ ու զինք կ՛ոգեւորէ երբ յոգնած է, եւ իր սրտին մէջ միշտ կը վերազարթնեցնէ իղձն ու յոյսը»։

«Մեր կեանքի ուղեւորութեան մէջ այդ նպատակը Աստուած է, Անհուն եւ յաւիտենական սէր, կեանքի, խաղաղութեան, ուրախութեան եւ ամէն բարիքի լիութիւն» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. բացատրելով` թէ մարդուն սիրտը ներքաշուած է այդ գեղեցկութեամբ եւ երջանիկ չէ մինչեւ որ զայն չգտնէ թէեւ վտանգը կայ որ այդ մէկը չիրականանայ եթէ մէկը կորսուի չարի և մեղքի «մութ անտառին մէջ» յարեց Քահանայապետը։

«Սուրբ Կոյս Մարիամի Երկինք փոխման Խորհուրդին մէջ կայ իւրաքանչիւր Քրիստոնեային կոչումը` որ է «այո» ըսել Աստուծոյ, քալել հաւատքի մէջ ու ապրիլ յոյսի մէջ` դէպի ապագայի փառքը, այնպէս ինչպէս ըրաւ Մարիամ «որուն համայն կեանքը եղաւ յոյսի ուխտագնացութիւն մը Աստուծոյ եւ իր որդւոյն հետ միասին։ Ուխտագնացութիւն` որ Խաչի ե Յարութեան ընդմէջէն, զԱյն հասցուց հայրենիք, Աստուծոյ գիրկը» նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց միշտ նայիլ Մարիամին` որպէս անհատներ, ընտանիք ու հասարակութիւն, յատկապէս երբ ճանապարհը աւելի դժուար կը դառնայ, «Բարձրացնենք մեր հայեացքը, Անոր նայինք, մեր Մօր, ու պիտի վերագտնենք յոյսը` որ երբեք յուսախաբ չի թողուր» եղան Նորին Սրբութեան Վերափոփման տօնի օրուայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2025, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >