Որոնել

Հասկնալ կարգապահութեան և զոհաբերութեան կարևորութիւնը. Լեւոն ԺԴ. Զուիցերական Պահակագունդին

Լեւոն ԺԴ. Պապը մասնակցեցաւ Զուիցերական Պահակագունդի նոր անդամներու երդման արարողութեան որուն առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այսօրուայ աշխարհին իրենց տուած վկայութեան համար, վկայութիւն հաւատքի ապրումի մը որ բոլոր երիտասարդներուն կը խօսի կեանքի արժէքի մասին, ծառայութեան եւ ուրիշներուն հոգ անելու մասին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 4 Հոկտեմբեր 2025-ի կէսօրէն ետք Վատիկանի «Cortile di San Damaso» ներքնաբակին մէջ տեղի ունեցաւ Զուիցերական Պահակագունդի 27 նոր անդամներու երդման արարողութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ,, որուն ներկայութիւնը մեծ նորութիւն եղաւ, տրուած ըլլալով` որ վերջին Քահանայապետը, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր արարողութեան` եղած էր Սուրբ Պօղոս Զ.ը։

Նորին Սրբութիւնը մուտք գործելով ներքնաբակ ողջունեց աշխարհի ամենահին բանակին հրամանատարը, մատրանապետն ու առաջին շարքին վրայ նստած կարդինալները ու պատկան իշխանութիւնները, ապա իր տեղը գրաւելով հետեւեցաւ պատմական արարողութեան, որուն սկիզբը Հրամանատարը իր ողջոյնի խօսքը արտասանելով հաստատեց` թէ «իսկական մեծութիւնը չի կայանար հարստութեան կամ իշխանութեան մէջ այլ հեզութեան, պարզութեան ու բոլոր արածներուն նկատմամբ սիրոյ մէջ»։

Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Զուիցերիայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ նախագահ Քարին Քելլեր Սութերի եւ Վարչապետ Մայա Ռինիքերի։

Արարողութեան ընթացքին 27 զինուորագրեալները մէկիկ մէկիկ մօտեցան դրօշին եւ իրենց հանդիսաւոր երդումը կատարեցին հաւատարմութիւն խոստանալով Քահանայապետին, նոյնիսկ կեանքի գնով, ու նոյնը նաեւ Կարդինալական դասին թափուր աթոռի պարագային։

Արարողութեան աւարտին ԼԵւոն ԺԴ ուզեց իր շնորհակալական խօսքը ուղղել նախ Աստուծոյ` կեանքի եւ հաւատքի պարգեւին համար, ապա բոլոր ներկաներուն ու Զուիցերական Պահակներու ընտանիքներուն։

Ան ապա խօսքը ուղղելով նոր անդամներուն ըսաւ «Դուք բոլորիդ, որ կատարեցիք այս երդումը. Այս մէկը շատ կարևոր վկայութիւն է այսօրուայ աշխարհին մէջ: Ան մեզի կ՛ օգնէ հասկանալու կարգապահութեան, զոհաբերութեան և հաւատքը այնպիսի ձեւով ապրելու կարևորութիւնը, որ իսկապէս բոլոր երիտասարդներուն խօսի կեանքը նուիրելու, ծառայելու և ուրիշներուն հոգ տանելու արժէքի մասին»:

«Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի իմ և ամբողջ Սուրբ Աթոռի անունով ձեր ծառայութեան համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2025, 19:50