Որոնել

Պապին օգնութիւնները հասան Ուքրանիա Պապին օգնութիւնները հասան Ուքրանիա 

Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ ղրկուած օգնութիւնները հասան Ուքրանիա

Ուքրանիա հասան հագ՝ուստներով, ծածկոցներով ու անհրաժեշտ իրերով բեռնուած բեռնատար մը՝ ղրկուած Պապին կողմէ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անցեալ օրերուն իր նպատակակէտին հասաւ հագուստներով, ծածկոցներով ու անհրաժեշտ իրերով բեռնուած բեռնատար մը, որը ղրկուած էր Լեւոն ԺԴ.-ի կողմէ՝ Խարկով քաղաքը, որ պատերազմէն ամէնէն տուժած Ուքրանիոյ քաղաքներէն մին է։ Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Աղքատներու Յոբելեանին, որ նշուեցաւ Աղքատներու Համաշխարհային Օրը, անցեալ Նոյեմբեր 16-ին։

Ուքրանիա հասած օգնութիւնները Պապին հերթական մօտիկութեան ժեսթ մըն է, որ, հետեւելով Ֆրանչիսչիսֆոս Պապին Քահանայապետութեան ընթացքին սկսած ճանապարհին, յանձնարարեց Առաքելական Ողորմնաբաշխխւթեան Գրասենեակին, որպէսզի հոգ տանի տարիներէ ի վեր ծանր տառապանքի մէջ գտնուող բնակչութեան անյետաձգելի կարիքները։

«Ցաւօք, ամէն օր մարդիկ կը մահանան», ըսած էր անցեալ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18-ին, Քասթէլ Կանտոլֆօյի մէջ, լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին, «Հարկ է պնդել խաղաղութեան համար», սկսելով զինադադարէն, որպէսզի յետոյ երկխօսութիւն սկսի»։

Օգնութիւններով լեցուն բեռնատար
Օգնութիւններով լեցուն բեռնատար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2025, 13:20