Խօսքերը բաւարար չեն։ Մեզի պէտք են եղբայրութեան վկաներ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ 11 Դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ընդունեց «2026 թուականի Մարդկային եղբայրութեան Զայետ մրցանակի (Zayed Award for Human Fraternity 2026) Քննիչ յանձնաժողովի անդամները։
Նշենք թէ՝ այդ 2019 թուականին հիմնադրուած միջազգային մրցանակը հասած է իր եօթներորդ թողարկման։ Անոր Քննիչ յանձնաժողովն ունի վեց անդամ, անոնց շարքին՝ Մշակոյթի ու Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան, Եւրոպական Խորհուրդի նախկին Նախագահ Շարլ Միշելը եւ ԵՈՒՆՍԵՖ ի տնօրէն Քեթրին Ռասսելը։ Զայետ մրցանակը մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ անկախ եւ ամէնամեայ միջազգային պարգեւ է, որ կը շնորհուի յանուն մարդկային եղբայրութեան խթանման գործող անձանց ու կազմակերպութիւններուն։
Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ Քննիչ յանձնաժողովի անդամներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը անդրադարձաւ այդ պարգևի ստեղծման՝ նշելով, որ ան «ծնած է միջկրօնական երկխօսութեան վճռորոշ պահուն», երբ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպի միջեւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուեցաւ «Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը»։
Կրօնական աւանդոյթները կրնան մեծ ներդրում ունենալ ի սպաս եղբայրութեան
Լեւոն ԺԴ․, ապա, մէջբերեց 2023 թուականին Մարդկային Եղբայրութեան Գ․ միջազգային օրուայ եւ Զայետ մրցանակի շնորհումի առթիւ իր նախորդին խօսքերը․ «Տարբեր կրօնական աւանդոյթները՝ հետամուտ ըլլալով իւրաքանչիւրը իր հոգեւոր ժառանգութեան, կրնան մեծ ներդրում ունենալ ի սպաս եղբայրութեան» (Լսատեսողական պատգամ, 4 Փետրուար 2023):
Յիշել, որ բոլորս ալ եղբայրներ եւ քոյրեր ենք
«Աճող հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով նշանաւորուած ժամանակներու մէջ մեզի պէտք են մարդկային բարութեան եւ գթասիրութեան իսկական վկաներ, որոնք մեզի յիշեցնեն, որ բոլորս ալ եղբայրներ եւ քոյրեր ենք: Խօսքերը բաւարար չեն։ (…) Գաղափարներու ու քննարկումներու աշխարհին մէջ մնալը՝ առանց յաճախակի եւ անկեղծ անձնական ժեսթերու, մեր ամէնէ թանկ երազանքներու կործանումը պիտի հանդիսանայ», ընդգծեց Սրբազան Հայրը: (Առաքելական յորդոր «Dilexi te - Ես Քեզ սիրեցի», թիւ 119):
Մեծարել կարեկցանքի եւ զօրակցութեան առարկայական գործողութիւնները
Ասկէ մեկնելով, Ան աւելցուց, որ Զայետ մրցանակը կը մեծարէ ըլլայ հաստատութիւնները, ըլլայ անհատները, որոնք ձեռնարկած են կարեկցանքի եւ զօրակցութեան առարկայական գործողութիւններ՝ առաջարկելով մարդկային եղբայրութիւնը խթանելուն ուղղուած իրական օրինակներ այսօր:
Լեւոն ԺԴ․, ի վերջոյ, օրհնեց ներկաները եւ խրախուսեց հետեւողական կերպով շարունակել այդ «ազնիւ» աշխատանքը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այդ ջանքերը պիտի շարունակեն պտուղներ տալ յանուն մարդկային ընտանիքի բարօրութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
