Որոնել

2025.12.11 Docenti e Studenti del Pontificio Istituto di Archeologia Cristiana

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Քրիստոնէական Հնագիտութեան Քահանայապետական հաստատութեան Հարիւրամեակի առթիւ. Հնագէտները՝ խաղաղութեան եւ յոյսի կրողներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհաւորելով Քրիստոնէական հնագիտութեան Քահանայապետական Համալսարանին հիմնադրման հարիւրամեակը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հնագիտութիւնը կարեւոր գործիք է համամիութեան համար, քանի որ կը յայտնաբերէ բոլոր դաւանանքներուն ընդհանուր ակունքները։ Ան կոչ ուղղեց անդամներուն՝ իրենց ուսումներով մասնակցելու «մշակութային դիւանագիտութեան»՝ յանուն կամուրջներու կառուցման եւ համերաշխութեան սնուցման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 11 դեկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Քրիստոնէական հնագիտութեան Քահանայապետական համալսարանի ուսուցիչներն ու աշակերտները՝ հիմնարկի հիմնադրութեան հարիւրամեակի առթիւ, որ հաստատուած է Պիոս ԺԱ-ի կողմէ 1925ին՝ «Քրիստոնեայ Հռոմի նախնական գերեզմանատուները» ինքնագիր նամակի միջոցաւ։

Արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց դարերու հոլովոյթին քահանայապետերուն նուիրումը սուրբ ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ պահպանման գործին մէջ, յատուկ կերպով մէջբերելով՝ գետնադամբարանները, Հռոմէական տաճարները, խճանկարներն ու արձանագրութիւնները՝, ։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Քրիստոնէական հնագիտութեան Քահանայապետական կաճարը հիմնուեցաւ երիտասարդները կրթելու համար քրիստոնէական հնութեան յուշարձաններուն վրայ գիտական ուսումներու եւ հետազօտութիւններու մէջ: Հարիւրամեակ մը ետք, այս առաքելութիւնը կենդանի եւ էական է ոչ միայն պատմական գիտութիւններուն, այլ նաեւ քրիստոնէական հաւատքին ու ինքնութեան համար:

Համամիութեան համար միջոց

«Քրիստոնէական Հնագիտութիւնը կը վերաբերի Միացած Եկեղեցւոյ պատմական ժամանակաշրջանին, այս պատճառով է որ ան կարող է ըլլալ համամիութեան համար վաւերական գործիք մը։ Քրիստոնէական հնութիւններուն ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ տարբեր դաւանանքներու համար իրենց ընդհանուր ակունքները ճանչնալու կարելիութիւնը՝ սնուցանելով դէպի լիակատար հաղորդութեան ներշնչումը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու այս կապակցութեամբ յիշեց Նիկիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը՝ ուր տեղի ունեցաւ առաջին համամիութենական ժողովին յիշատակումը՝ այլ եկեղեցիներուն ներկայութեամբ։ «Հին քրիստոնէական կառոյցներուն մնացորդներուն ներկայութիւնը բոլորիս համար եղաւ յուզիչ եւ մղիչ եղաւ» ըսաւ Ան։

Մշակութային դիւանագիտութիւն

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց Քրիստոնէական հնագիտութեան համալսարանի անդամները, որ իրենց ուսումներով մասնակցին «մշակութային դիւանագիտութեան»՝ որ ժամանակակից աշխարհի պահանջքն է:
Մշակոյթի միջոցով, մարդկային հոգին կը յաղթահարէ ազգային սահմանները եւ նախապաշարումները՝ նպաստելով կամուրջներու կառուցման, հանդիպումներու յառաջացման եւ համերաշխութեան սնուցման՝ ի սպաս ընդհանուր բարիքին: Դուք ալ կրնաք նպաստել կամուրջներու կառուցման, հանդիպումներու յառաջացման, համերաշխութեան սնուցման:

Խաղաղութիւն եւ յոյս

«Ինչպէս յիշեցի Առաքելական նամակին մէջ, 1925 թուականին նշուեցաւ «Խաղաղութեան յոբելեանը» այժմ կը նշենք «Յոյսի Յոբելեանը։ Հետեւաբար, Ձեր Հիմնարկը, որոշ իմաստով, գաղափարապէս տարածուած է խաղաղութեան եւ յոյսի միջեւ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Հնագէտները կը սահմանուին իբրեւ խաղաղութեան եւ յոյսի կրողներ, որոնք կ'ընդունուին ոչ միայն իբրեւ գիտութեան ու ճանաչողութեան պատգամաւորներ, այլ՝ խաղաղութեան հռչակողներ:

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը եզրափակեց յիշեցնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կոչը՝ Եւրոպական Ազգերու ընդհանուր քրիստոնէական արմատներուն մասին, «Եւրոպան կարիքը ունի Քրիստոսի եւ Աւետարանին, Անոր բոլոր ժողովուրդներուն արմատները հոս է որ կը գտնուին»։

Նորին Սրբութիւնը յարեց որ Եւրոպական հասարակութեան եւ Ազգերու արմատներուն մէջտեղ կայ անշուշտ Քրիստոնէութիւնը՝ իր գրական եւ յուշարձանային աղբիւրներով. եւ հնագէտներուն աշխատանքը պատասխանն է այն կոչին, զոր ես քիչ առաջ յիշեցի» ըսաւ Սրբազան ու պատգամը աւարտեց մաղթելով որ Քրիստոնէական հնագիտութեան համալսարանը շարունակէ իր թանկարժէք ծառայութիւնը Եկեղեցիին եւ մշակոյթին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2025, 11:17