Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Լիբանա՛ն, վե՛ր կաց. Եղի՛ր արդարութեան եւ եղբայրութեան տունը, Եղի՛ր խաղաղութեան մարգարէութիւնը բոլոր Արեւելքին համար

Լեւոն ԺԴ. Պապը քարզոին մէջ հրաւիրեց լիբանանցի ժողովուրդը մշտապէս գոհութիւն եւ երախտագիտութիւն մշակելու՝ չնայած Լիբանանը յատկանշող աղքատութեան, ճգնաժամերուն եւ բաժանումներուն, իսկ վերջաւորութեան հաստատեց, որ պէտք ենք «զինաթափէ սրտերը» եւ երկիրը «եղբայրութեան ու խաղաղութեան տուն դառնայ» ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին, Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Պէյրութի ծովեզերեայ տարածքի վրայ Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը հազարաւոր հաւատացեալներուն ներկայութեամբ։ Պատարագի ներկայ եղան Քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները որոնց շարքին նաեւ Լիբանանին հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահն ու քոյր եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներ,  ի մէջ այլոց Արամ Ա Վեհափառ հայրապետը։

Ծովեզերեայ տարածքը ժամանումին քահանայապետը Պապական ինքնաշարժով շրջեցաւ ժողովուրդին մէջ եւ օրհնեց հաւատացեալները ու մեծ ուրախութեամբ եւ երգերուն կատարողութեամբ դիմաւորուեցաւ հաւատացեալներուն կողմէ, ծափահարութիւններով եւ Վատիկանի եւ Լիբանանի դրօշակներու ծածանումով։ Լեւոն ԺԴ Պապին գլխաւորած Պատարագի համապատարագեցին չորս Պատրիարքները, որոնք շարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։ 

Քահանայապետին քարոզը

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը Քահանայապետը սկսաւ հրաւիրելով լիբանանցի ժողովուրդը մշտապէս մշակելու գոհութեան եւ երախտագիտութեան վերաբերմունք, չնայած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, զորս կը դիմագրաւէ ու յիշեցուց որ Յիսուս ալ Աւետարանին մէջ, գոհութիւն յայտնեց Հօր Աստուծոյ եւ ընդգծեց, թէ ինչպէս յաճախ դժուարութիւններու դիմաց յուսահատութեան կը մատնուինք կամ կը տանջուինք, փոխանակ գովելու և ճանչնալու Աստուծոյ օրհնութիւնները:

«Յիսուս ալ – ինչպէս լսեցինք Աւետարանէն – Գոհութեան խօսքեր ունեցաւ Հօր համար եւ, Անոր դառնալով, կ'աղօթէ՝ ըսելով. «Գոհութիւն կը յայտնեմ Քեզի, Հա՛յր, երկնքի և երկրի՛ Տէր» (Ղուկ. 10,21), ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը։ Ան ապա  ակնարկելով Լիբանանի գեղեցկութեան ու հարստութեան յարեց, որ Լիբանանը Աստուծոյ կողմէ օրհնուած երկրի մը խորհրդանիշն է, բայց նաեւ յատկանշուած է աղքատութեամբ, տառապանքներով, քաղաքական անկայունութեամբ և տնտեսական ճգնաժամով:

«Այս դաշտավայրէն, որ ծովուն կը նայի, ես ալ կրնամ դիտել Լիբանանի գեղեցկութիւնը, զոր Սուրբ Գիրքը կը գովէ: Տէրը ձեր մէջ տնկեց Իր բարձր մայրիները, սնուցանեց ու յագեցուց զանոնք (հմմտ. Սաղմ. 104,16), բուրումնաւոր դարձուց Երգ Երգոցի հարսին հանդերձները այս երկրի բոյրով (հմմտ. Երգ. 4,11)եւ Երուսաղէմին, սուրբ քաղաքին, որ լոյսով հագուած է Մեսիայի գալուստին համար, Ան  յայտարարեց. «Լիբանանի փառքը քեզի կու գայ՝ կենիով, եղևնիով ու սոճիով, որպէսզի զարդարեմ իմ սրբարանի տեղը, փառաւորեմ այն տեղը, ուր ոտքերս կը դնեմ» (Ես. 60,13):

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը յաճախ կը յայտնուի փոքրիկ բաներուն մէջ եւ խոնարհ անձերուն մէջ՝ «փոքրիկ շիւղեր»ը, որոնք, ճանչնալով թաքուն բարին, յառաջ կը տանին վերածնունդի յոյսը: Պարզ հաւատքը, ընտանիքներու նուիրումը, քահանաներու, կրօնականներու և աշխարհականներու աշխատանքը այս լոյսերուն օրինակներն են, որոնք կը լուսաւորեն ճանապարհը:

Սակայն, միաժամանակ, այդ գեղեցկութիւնը կը մթագնի աղքատութիւններով ու տառապանքներով, վէրքերով, որոնք նշան դրած են ձեր պատմութեան վրայ. – քիչ առաջ գացի աղօթելու նաւահանգիստի պայթիւնի վայրը –. կը մթագնի բազմաթիւ հարցերով, որոնք կը տագնապեցնեն ձեզ, փխրուն ու յաճախ անկայուն քաղաքական մթնոլորտով, ձեզ ճնշող ողբերգական տնտեսական ճգնաժամով, բռնութիւններով ու ընդհարումներով, որոնք արթնցուցած են հին վախերը:

Այս տեսակ դրութեան մը մէջ, երախտագիտութիւնը դիւրութեամբ կը զիջի տեղը յուսախաբութեան, գովասանքի երգը տեղ չի գտներ սրտի անապատին մէջ, յոյսի աղբիւրը կը ցամաքի անորոշութիւնէն ու շփոթութիւնէն: 

Սակայն, Տիրոջ Խօսքը կը հրաւիրէ մեզ գտնելու գիշերուան սրտին մէջ փայլող փոքրիկ լոյսերը, թէ՛ երախտագիտութեան բացուելու և թէ՛ այս երկրին օգտին ընդհանուր նուիրումի մղելու համար։

Քահանայապետը հրաւիրեց երախտագիտութիւնը փոխակերպելու գործնական գործողութեան. զինաթափել սրտերը, յաղթահարել ցեղային ու քաղաքական բաժանումները, բանալ կրօնական դաւանանքները երկխօսութեան եւ մշակել միացեալ, խաղաղութեամբ ու արդարութեամբ լեցուն Լիբանանի երազը: Միայն այսպէս երկիրը կրնայ իրականացնել մարգարէական երազը՝ երկրի մը, ուր չարն ու բռնութիւնը կը փոխարինուին եղբայրութեամբ ու խաղաղութեամբ, ինչպէս կը նկարագրուի Եսայի մարգարէին կողմէ:

Լեւոն ԺԴ. Պապը գոհութիւնը յայտնեց Աստուծոյ եւ աղօթեց, որ Լիբանանը մնայ լուսաւորուած Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով, որ յոյսի ու արդարութեան աղբիւրն է, որպէսզի կարենայ վերականգնուիլ և դառնալ խաղաղութեան օրինակ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին համար:

«Ամէն մէկը պէտք է կատարէ իր բաժինը եւ բոլորս ալ պէտք է միացնենք ջանքերը, որպէսզի այս երկիրը կարողանայ վերադառնալ իր փառքին: Եւ միայն մէկ ճանապարհ ունինք անիկա ընելու. զինաթափենք մեր սրտերը, թող թափի մեր ցեղային ու քաղաքական փակուածութիւններուն զրահները, բանանք մեր կրօնական դաւանանքները փոխադարձ հանդիպումի, արթնցնենք մեր ներսը միացեալ Լիբանանի երազը, ուր կը յաղթէ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը, ուր բոլորը կրնան ճանչնալ զիրար եղբայրներ ու քոյրեր և ուր, վերջապէս, կրնայ իրականանալ այն, ինչ որ Եսայի մարգարէն կը նկարագրէ մեզի. «Գայլը գառին հետ կը բնակի, հովազը ուլին քով կը պառկի, ձագարուեն ու երիտասարդ առիւծը միասին կ'արածեն» (Ես. 11,6):

Այս է ձեզի վստահուած երազը, այս է, զոր Խաղաղութեան Աստուած կը դնէ ձեր ձեռքերը: Լիբանա՛ն, վեր կեցի՛ր! Եղի՛ր արդարութեան և եղբայրութեան տունը! Եղի՛ր խաղաղութեան մարգարէութիւնը բոլոր Արեւելքին համար։

Եղբայրնե՛ր և քոյրե՛ր, ես ալ կ'ուզեմ ըսել, կրկնելով Յիսուսի խօսքերը. «Գոհութիւն կը յայտնեմ Քեզի, Հա՛յր»: Կը բարձրացնեմ իմ երախտագիտութիւն Տիրոջ, որ ձեզի հետ կիսեցի այս օրերը, մինչ սրտիս մէջ կը կրեմ ձեր տառապանքներն ու յոյսերը: Կ'աղօթեմ ձեր համար, որպէսզի Արեւելքի այս երկիրը միշտ լուսաւորուի Յիսուս Քրիստոսի, արդարութեան արեւին հաւատքով, և Անոր շնորհիւ պահէ անմար յոյսը:

Նշենք, թէ Խորանի ետեւի պաստառին վրայ կար նաեւ «Երանի Խաղարարներուն» հայրերէն գրութիւնը ոլւ Պատարագի ժամանակ հնչեց նաեւ հայերէն լեզուով աղօթք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2025, 08:15