Որոնել

Հայր Փազոլինի. պատերազմով պատուած աշխարհին մէջ՝ Քրիստոսէն սորվինք չպատասխանել ստացած չարին

Տիրոջ Չարչարանքներու յիշատակումի առիթով Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապի նախագահութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Քահանայապետական Տան քարոզիչը նշեց, թէ ինչպէս Յիսուս մարմնաւորեց Եսայի մարգարէի կողմէ «Տիրոջ Ծառայի» կերպարը՝ պատմութեան մէջ ներմուծելով նոր տրամաբանութիւն։ «Ատելութեամբ և բռնութեամբ պատռուած ժամանակի մը ընթացքին» քրիստոնեաները «զէնքերը վար կ՛առնեն» և իրենց յոյսը կը դնեն Խաչի վրայ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ուրբաթ 3 ապրիլի երեկոյեան` Աւագ Ուրբաթ օրուան առիթով կատարուած արարողութեան ընթացքին, որ նախագահեց Լեւոն ԺԴ Պապը, Քահանայապետական Տան քարոզիչ` հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, իր արտասանած քարոզին մէջ յիշեցուց, թէ պատերազմներով եւ բռնութեամբ յատկանշուած աշխարհին մէջ Քրիստոս կը ներկայացնէ նոր տրամաբանութիւն մը՝ չպատասխանել չարին չարով։

Եսայի Մարգարէին նկարագրած «Տիրոջ Ծառան» կերպարէն ներշնչուած, Յիսուս Խաչին վրայ կը կոտրէ ատելութեան շղթան՝ ընդունելով տառապանքը եւ զայն վերածելով սիրոյ եւ փրկութեան, մինչ աշխարհը կը շարունակէ բազմացնել չարը, որովհետեւ մարդիկ հակուած են արձագանգելու եւ վերադարձնելու իրենց ստացածը։

Հայր Փազոլինիիի քարոզին կեդրոնական պատգամը «Խաչին եղանակն» էր՝ սիրել, հաւատարիմ մնալ բարիքին եւ վրէժխնդիր չ՛ըլլալ։ Այս կեցուածքը լուռ կերպով կ’ապրին բազմաթիւ մարդիկ, որոնք ամէն օր, նոյնիսկ դժուարութիւններուն մէջ, կ’ընտրեն բարին։

Քարոզիչ Վանականը հրաւէր ուղղեց քրիստոնեաներուն «վար դնելու զէնքերը»՝ ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ այն ներքին զէնքերը, որոնք կը վիրաւորեն յարաբերութիւնները, եւ հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին՝ իրենց կեանքը ուրիշներուն ծառայութեան նուիրելով, որպէս միջոց հակազդելու ատելութեան, անարդարութեան եւ բաժանումներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2026, 18:32