Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքը Ճանապարհ Խաչի արարողութեան աւարտին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 3 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Քոլլոսէումի աշխարհահռչակ ամփիթատրոնի տարածքին գլխաւորեց Ճանապարհ Խաչի աւանդական արարողութիւնը, որուն ընթացքին ինք անձամբ կրեց Խաչի ճանապարհին 14 կայաններուն խաչը, հանդիսանալով երկրորդ Քահանայապետը որ խաչը կրեց բոլոր կայաններու ընթացքին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետէն ետքը, որ խաչի ճանապարհին բոլոր կայաններու խաչը կրած էր ըլլայ 1980-էն մինչեւ 1994 թուական, մինչ Սուրբ Պօղոս Զ եւ Պենետիկտոս ԺԶ ու նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը խաչը երբեք չեն կրած բոլոր կայաններու ընթացքին։ Մինչ առաջին երկուքը զայն կրած են մի քանի կայաններու ընթացքին, Ֆրանչիսկոսը երբեք չէ կրած զայն։
Խաչի ճանապարհի արարողութեան աւարտին եւ նախ քան բոլոր ներկաներուն իր օրհնութիւնը շնորհելը Լեւոն ԺԴ, Սրբազան Քահանայապետը «Խաչուղիի աւարտին», հրաւիրեց հաւատացեալները իրենցը ընելու այն աղօթքը, որով Սուրբ Ֆրանչիսկոս «մեզ կը հրաւիրէ ապրելու մեր կեանքը որպէս աստիճանական ներգրաւում սիրոյ այն յարաբերութեան մէջ, որ կը միացնէ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին» ըսաւ Ան ապա արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.
«Ամենակալ, յաւիտենական, արդար եւ ողորմած Աստուած, շնորհէ՛ մեզի՝ թշուառներուս, որ քու սիրոյդ համար ընենք այն, ինչ գիտենք թէ դուն կ’ուզես, եւ միշտ կամենանք այն, ինչ քեզի հաճելի է, որպէսզի, ներսէն մաքրուած, ներսէն լուսաւորուած եւ Սուրբ Հոգիին կրակով բորբոքուած, կարենանք հետեւիլ քու սիրելի Որդիիդ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետքերուն, եւ քու միայն շնորհքովդ հասնինք քեզի, ո՛վ Բարձրեալ, որ կատարեալ Երրորդութեան եւ պարզ Միութեան մէջ կ’ապրիս, կը թագաւորես եւ կը փառաւորուիս, ամենակալ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
