Որոնել

2023.04.07 Via Crucis Colosseo

Քոլլոսէումի Ճանապարհ Խաչիի մտածականները. Քրիստոս չարը կ՛ոչնչացնէ սիրոյ միջոցաւ

Այսօրուան աշխարհի մէջ տեղի ունեցող Խաչի ճանապարհ մըն է Փոքր Եղբայրներու միաբանութեան անդամ Հայր Փաթթոնի կողմէ պատրաստուած այս տարուայ Ճանապարհ Խաչիի խորհրդածութիւնները, որոնց ընդմէջէն ան կը խորհի մարդոց կողմէ գործադրուող իշխանութեան մասին դիտել տալով թէ․ ինչպէս Յիսուսի ժամանակ, այսօր եւս կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն թէ անսահման իշխանութիւն ստացած են եւ կրնան զայն օգտագործել ու չարաշահել իրենց ուզած ձեւով՝ օրինակ որոշելով պատերազմ մը սկսիլ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւագ ուրբաթ օրուան առիթով Քոլլոսէումի Ամփիթատրոնի տարածքին տեղի ունեցած աւանդական Ճանապարհ Խաչի արարողութեան այս տարուայ մտածականները պատրաստուած են Ֆրանչիսկեան Միաբնակութեան անդամ, Սուրբ Երկրի երբեմնի Պահակ` Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնի կողմէ. Անոնք պիտի ընթերցուին 3 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 9,15 անց Լեւոն ԺԴ. Պապին, Քոլլոսէումի տարածքին գլխաւորած աւանդական արարողութեան ընթացքին, Յիսուս Քրիստոսի դէպի գողգոթայ տանող ճանապարհի 14 կայաններուն որպէս խոկումի նիւթեր։

Արդարեւ մտորումները, որ ներկայացուած են աղօթքի ձեւով, նպատակ ունին օգնելու հաւատացեալները քալելու Յիսուսին հետ եւ միեւնոյն ժամանակ բանալու հարցման եւ յոյսի տարածք նաեւ անոնց համար, որոնք հեռու են հաւատքէն։  

Հայր Փաթթոնը յայտնած է` որ խորհրդածութիւններու պատրաստութեան աշխատանքի հիմքը եղած է Խօսքի ունկնդրութիւնը եւ Ֆրանչիսկեան հարուստ հոգեւորականութեան աւանդութիւնը` այսինքն Աւետարանը, ու մասնաւորապէս Յովհաննէսի աւետարանը եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին որոշ գրութիւնները, այս տարի յիշատակուող աղքատիկ սուրբին մահուան ութերորդ դարադարձին առիթով։

Խորհրդածութիւններու ընդմէջէն հայր Փաթթոնը կ՜անդրադառնայ այսօրուայ իրականութեան եւ իրական մարդոց։ Խորհրդածութիւններու կեդրոնական թեման իշխանութիւնն է. մինչ այսօր շատ մարդիկ զայն կը չարաշահեն (պատերազմներու, անարդարութիւններու եւ մարդկային արժանապատուութեան ոտնահարումներու ընդմէջէն), Յիսուս կը ցուցաբերէ այլ տեսակ իշխանութիւն՝ հիմնուած սիրոյ, ներումի եւ ինքնանուիրումի վրայ։

Խորհրդածութիւնները կը մատնանշեն մեր օրերու տառապանքները՝ նուաստացուած բանտարկեալներ, չվերադարձուած դիակներ, բռնութեան զոհեր, պատերազմներ եւ անարդարութիւններ։ Կը շեշտուի մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի անհրաժեշտութիւնը բոլոր պարագաներուն մէջ, նոյնիսկ մահէն ետքը, եւ հրաւէր կ՛ուղղուի գթասրտութեան՝ յատկապէս ամենաթոյլերուն հանդէպ։

Յիսուս, իր խաչով, կը սորվեցնէ խոնարհութեան, ծառայութեան եւ համերաշխութեան ճանապարհը։ Անոր անկումները կը դառնան մարդկային տկարութիւններու խորհրդանիշը եւ կը քաջալերեն դարձեալ վերականգնելու։ Կերպարներ ինչպէս Կիւրենացին կը ներկայացնեն այսօրուան կամաւորները, որոնք ուրիշներուն կ’օգնեն, մինչդեռ տառապանքի մէջ կիները կը յիշեցնեն բոլոր անոնք, որոնք կը տխրին իրենց զաւակներու մահուան համար, կանայք, որոնք վիրաւորուած են բռնութիւնէ եւ պատերազմի դաժանութենէ։

Խաչի ճանապարհի այս մտածականներէն ի յայտ կու գայ թէ Ճանապարհ Խաչին ծիսական արարողութիւնէն անդին, պէտք է ըլլայ նաեւ առօրեայ կեանքին մէջ գործնական ընթացք մը. հետեւիլ Յիսուսին կը նշանակէ ապրիլ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը իրական աշխարհին մէջ՝ անարդարութեան դիմաց դնելով սիրոյ զօրութիւնը։

Յիսուսի խաչի ճանապարհի 14 կայաններու մտածականներէն իւրաքանչիւրը կը սկսի նկարագրելով կայանին դէպքի, անոր կը յաջորդէ դէպքը պատմող աւետարանական հատուածը հուսկ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի դէպքին հայող գրութիւններէն քաղուածք մը որոնց կը յաջորդէ Հայր Փաթթոնի խորհրդածութիւնը, ապա աղօթքի դիտաւորութիւններ ու Հայր մերը։

Խաչի ճանապարհի 14 կայաններն են.

  1. Յիսուս կը դատապարտուի մահուան

  2. Յիսուս խաչը կը կրէ

  3. Յիսուս կ՛իյնայ առաջին անգամ

  4. Յիսուս իր մօր կը հանդիպի

  5. Սիմոն կիւրենացին կ՛օգնէ Յիսուսին կրելու խաչը

  6. Վերոնիքա անունով կին մը կը սրբէ Յիսուսին երեսը

  7. Յիսուս երկրորդ անգամ կ՜իյնայ

  8. Յիսուս կը հանդիպի եւ կը մխիթարէ երուսաղէմի կիները

  9. Յիսուս կ՛իյնայ երրորդ անգամ

  10. Յիսուս կը մերկացուի ի զգեստներէն

  11. Յիսուս խաչին վրայ կը գամուի

  12. Յիսուս կը մեռի խաչին վրայ

  13. Յիսուս կը յանձնուի իր մօր

  14. Յիսուս գերեզման կը դրուի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2026, 12:03