Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը Հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Ֆրանսա

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 2026 թուականի սեպտեմբեր 25-էն 28-ը պաշտօնական հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Ֆրանսա։ Այս ուղեւորութիւնը կը կայանայ երկրի պետական ու եկեղեցական իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հրաւէրով, որուն կեդրոնատեղին եւս պիտի այցելէ Պապը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենակի տնօրէն, Մաթթէօ Պրունի հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 25-էն 28 սեպտեմբեր 2026-ին հովուական այցելութիւնը պիտի կատարէ Ֆրանսա։

Հաղորագրութեան մէջ կը կարադանք.

«Ընդառաջելով Ֆրանսայի Պետութեան ղեկաւարին, երկրի եկեղեցական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի (UNESCO) ընդհանուր տնօրէնի հրաւէրներուն՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 25-էն 28 սեպտեմբեր 2026-ին պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Ֆրանսա»։

Հովուապետական այս ուղեւորութեան շրջագիծէն ներս, Պապը յատուկ այցելութիւն պիտի տայ նաեւ ՄԱԿ-ի Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) կեդրոնատեղին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2026, 11:30