Որոնել

Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի, պատարագ ու հանդիպում հասարակութեան հետ

Սուրբ զոհին մասնակցող հաւատացեալներուն շարքին էին նաեւ 44-օրեայ պատերազմի զոհուածներու հարազատները և գերեվարուած զինուորներու ընտանեկան պարագաները, որոնց հետ վսեմաշուք Կարդինալը, պատարագի աւարտին, ունեցաւ հակիրճ հանդիպում, լսելով անոնց աղերսը ու խոստանալով որդիներու վերադարձի խնդրանքը փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 13 Յուլիս 2023ին Հայաստանի հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական իր այցելութեան շրջագիծէն ներս Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար վսեմաշուք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, ընկերակցութեամբ ՀՀ մօտ Սուրբ Աթոռի Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Աւելինօ Պեթանքուրի, այցելեց Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր առաւօտեան ժամը 10,30ին նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութեան, զոր մատոյց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան Առաքելական Կառավարիչ Գերպ. Հայր Միքայէլ Վրդ. Պասսալէ:

Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի
Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի

Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի մօտ Վատիկանի Առաքելական Նուիրակը եւ Կարդինալ Փարոլինին ընկերացող Վատիկանեան պատուիրակութեան անդամները, Միացեալ Նահանգներու և Քանատայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը, Հայ կաթողիկէ քահանայից դասը, Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան անդամ քոյրերը, Մայր Թերեզայի Գթութեան միաբանութեան կրօնաւորուհիները, Պետական ներկայացուցիչներ, Հայկական Քարիթասի աշխատակազմը եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնց շարքին նաեւ 44-օրեայ պատերազմի զոհուածներու հարազատները և գերեվարուած զինուորներու ընտանեկան պարագաները, որոնց հետ վսեմաշուք Կարդինալը, պատարագի աւարտին, ունեցաւ հակիրճ հանդիպում, լսելով անոնց աղերսը ու խոստանալով որդիներու վերադարձի խնդրանքը փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին։

Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի
Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի

Սուրբ պատարագի ընթացքին Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը, որ Հայաստան եկած է որպէս խաղաղութեան բանագնաց, ներկաներուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, ի միջի այլոց ըսելով. «Կ՛ուզենայի նախ և առաջ փոխանցել Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի հոգևոր մօտիկութիւնը,որ Իր Առաքելական Օրհնութեամբ կը կամենայ ամրապնդել ձեզ հաւատքի, սիրոյ ու միութեան մէջ, որպէսզի դուք զգաք ձեզ Աստուծոյ կողմէ սիրուած և եղբայրներ դառնաք բոլոր անձանց հետ»։

Ան ապա սիրով ողջունեց բոլոր ներկաները «սիրալիր ողջոյն» փոխանցելով նեաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ և այլ դաւանանքներու բոլոր եղբայրներուն։

«Եօթ տարի առաջ (24-26 Յունիս 2016) Ֆրանչիսկոս Պապն եռօրեայ առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Հայաստան՝ յանուն Կովկասի մէջ խաղաղութեան և միջ եկեղեցական երկխօսութեան» յարեց ապա Փարոլինը  մատնանշելով Քահանայապետին տարբեր արարքներուն` Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ-ի հետ աղօթքին քրիստոնեաներու միջև միութեան համար։ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ աղօթին` «Մեծ Եղեռնի» զոհերուն համար, աղերսանքներուն` «հայ և թուրք ժողովուրդներու միջև հաշտութեան ընթացքի համար, և որպէսզի խաղաղութիւնը տիրէ նաև Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» (տե՛ս Միջ եկեղեցական հանդիպում և Խաղաղութեան համար աղօթք, Սրբազան Քահանայապետի խօսքը, Երևան, Հանրապետութեան Հրապարակ, 25 Հունիս 2016)։

«Խոր Վիրապի վանքին մէջ, Թուրքիայի հետ սահմանին և Արարատ լեռան ստորոտին, Գարեգին Երկրորդ Կաթողիկոսի հետ միասին Սրբազան Պապը ազատ արձակեց երկու աղաւնի, որպէս խաղաղութեան և ժողովուրդներու միջև եղբայրութեան բարեմաղթանք» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։

Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի
Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի

Ան ապա հաստատեց որ. «Այսօր ալ, Սրբազան Քահանայապետին խօսքերն ու ժեստերը մեզի բոլորիս ուղղուած հրաւէր են՝ շարունակելու մեր համընդհանուր ընթացքը՝ Աստուած դնելու մեր ամենօրեայ կեանքէն ներս, որ Աւետարանը հռչակելու յանձնառութիւն մըն է՝ վերստին յոյս տալու համար մարդկութեան» ըսաւ հուսկ Կարդինալ Փարոլինը հաստատելով, որ «Մեր այս աշխարհը «յոյսի ու եղբայրութեան կարիք ունի» ու թէ «Քրիստոնեան, մեզմէ իւրաքանչիւրը, Աստուծոյ կողմէ կանչուած է աշխարհի համար յոյսի նշան ըլլալու»։

Ծիրանաւորը մեկնաբանեց հուսկ օրուան Աւետարանական հատուածը, որ հրաւէր է աւետարանութեան։ Յիսուսը մեզի կ՛ըսէ . «Քարոզեցե՛ք» (հմմտ. Մտթ 10, 7), և ապա. «Ձրի ստացած էք, ձրի տուէք» (հմմտ. Մտթ 10, 8)։

Քրիստոսը կ՛ուզէ ամբողջ մարդու՝ մարմնի և հոգիի փրկութիւնը։ Մահուան դիմաց, որ մարդկային իւրաքանչիւր էակի մտահոգող առեղծուած է, Յիսուսը մեզի կ՛ընծայէ յարութիւնը» ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլինը որ ապա խրախուսեց Քրիստոնեաները ըլլալու խաղաղութիւն կրողներ:

Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի
Կարդինալ Փարոլինի այցը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի

«Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը մնայ այնտեղ, որտեղ կան անոր արժանի անձինք» յարեց Ան մատնանշելով Եղբայրութեան և ընկերային բարեկամութեան նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutti» յորդորագիրին որուն մէջ կը նշուի որ «խաղաղութիւնը կերտելու համար էական են ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու ողորմութիւնը»։

Սրբազան Պապը արդարեւ կ՛ըսէ, որ «խաղաղութիւնը ճշմարտութեան ու արդարութեան փնտռտուքի համբերատար աշխատանք է, որ կը պատուէ զոհերու յիշատակը և որ քայլ առ քայլ ճանապարհ կը բանացայ է համընդհանուր յոյսին որ շատ աւելիով զօրաւոր է, քան վրէժխնդրութիւնը»։

Քարոզի աւարտին Կարդինալ Փարոլինը հրաւիրեց հաւատքի, եղբայրութեան ու խաղաղութեան մեր ընթացքը յանձնել Ամենասրբուհի Կոյս Մարիամի՝ Գիւմրիի Եօթվէրք Տիրամօր, Յոյսին Մօր, Խաղաղութեան Թագուհիին և Աւետարանման Աստղի պաշտպանութեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2023, 11:10