Որոնել

Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Սինոդալ ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահ Փաոլօ Ռուֆֆինի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Սինոդալ ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահ Փաոլօ Ռուֆֆինի 

Պահ մը լռել հաւատքով, հաղորդութեամբ, աղօթքով եւ լսել մէկը միւսին․ Փաոլօ Ռուֆֆինի

Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի 35 Շրջանակներու աշխատանքային առաջին նիստին, որ սկիզբ առաւ երեկ, յաջորդեց Սինոդալ ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահի առաջին ճեպազրույցը․ «Կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ կ’ըսէ այս կամ այն մասնակիցը, այլ այն, թէ ինչ կ’որոշէ Եկեղեցին իր հաղորդութեան ոգիով»

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երեկ՝ 5 Հոկտեմբերին, Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի 35 Շրջանակներու աշխատանքային առաջին նիստը՝ Պօղոս Զ դահլիճէն ներս, սկիզբը դրաւ չորսշաբաթեայ աշխատանքներուն, որու առաջնահերթութիւնը ինչպէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշած էր անցեալ 4 Հոկտեմբերի առաջին Գլխաւոր Ժողովին, պիտի ըլլայ փոխադարձ ճանաչողութիւնը, զատորոշումը, գաղտնիութեան նկատմամբ յարգանքը, խօսքէն առաջ ունկնդրութիւնը՝ լրագրողներուն խնդրելով օգնել փոխանցելու այս պատգամը։

«Կանգ առնել, լսել մէկը միւսին»

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Սինոդալ ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահ, Փաոլօ Ռուֆֆինին` Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ վերոնշեալ նիստին հետեւած իր առաջին ճեպազրոյցի ժամանակ նշեց, որ նորութիւնն այն է, որ «Եկեղեցւոյ նման մեծ հաստատութիւն ինքը իրեն թոյլ կու տայ պահ մը լռել հաւատքով, հաղորդութեամբ, աղօթքով», որ միաժամանակ մարտահրաւէր կը նետէ պատերազմական, կլիմայական ճգնաժամի հայող այլ իրավիճակներուն՝ «Կանգ առնել, լսել մէկը միւսին»:

Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տեղեկատւութեան և հաղորդակցութեան Յանձնաժողովի քարտուղար Շեյլա Փիրեսի հետ Փաոլօ ՌուՖֆինին բացատրեց նաեւ, որ ներկայ պահուն քննարկումները Աշխատանքային թղթածրարի (Instrumentum laboris) Ա բաժինի շուրջ կ’ընթանայ, որ կը վերաբերի «Յանուն Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ» ճանապարհին վերջին երկու տարիներու կուտակուած փորձին։

Ազատութիւն եւ բաժնեկցում

Այս առաջին նիստին իւրաքանչիւր մասնակից 4 վայրկեան ունեցած է ՝ ներկայացնելու նախ ինքզինքը, ապա՝ կիսելու միւսներու հետ իր Եկեղեցւոյ անցած ուղիի փորձառութիւնը, հանդիպած դժուարութիւնները, տեղական Եկեղեցւոյ եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները»։ Հետեւած է «զեկուցող»ի ընտրութիւնը, որու առաջադրանքն է հաւաքել տարբեր վկայութիւնները ու խնդրանքները եւ՝ համապատասխան շրջանակներու կողմէ քննարկումէն ետք, ներկայացնելու վեհաժողովին: Անոր զեկոյցի մէջ պիտի արտացոլուին նաեւ  «համաձայնութիւնները, տարաձայնութիւնները, ի յայտ եկած գաղափարները։

Այդ ամէնուն զուգահեռ, «իւրաքանչիւր ոք կարող է խօսք առնել Ընդհանուր ժողովի ատեն եւ իր առաջարկն ուղարկել Սինոդի քարտուղարութիւն», բացատրած է ապա Ռուֆֆինին՝ ընդգծելով, որ ազատ եւ գաղափարներով «հանգիստ կիսուելու» մթնոլորտ է եւ բոլորն ունին խորը «հոգեւոր եւ հաղորդութեան փորձ»:

Ան հաստատած է ի վերջոյ որ․ «Կարեւոր չէ, թէ ինչ կ’ըսէ այս կամ այն ​​մասնակիցը, այլ այն, թէ ինչ կ’որոշէ Եկեղեցին իր հաղորդութեան ոգիով: Դա բարդ գործընթաց է, բայց կ’ապահովէ, որ բոլորը կարողանան արտայայտել իրենց տեսակէտները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2023, 08:00