Որոնել

2022.14.04 GAZA, LA CHIESA CATTOLICA DELLA SACRA FAMIGLIA

«Պապի կողմէ յիշատակուած անուններուն մէջ Կազայի բոլոր զոհերը կան». Կարդինալ Փարոլին

Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը հարցազրոյց տուաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն. «Մենք կ’աղերսենք դադրեցնել այս ողբերգութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի օրը, 20 Յուլիսին, Մարեմեան աղօթքի ատեն, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը յիշատակեց երեք օր առաջ Կազայի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան դէմ  Իսրայէլի  յարձակումի հետեւանքով երեք զոհերուն անունները, սակայն այդ անուններուն մէջ «կան Կազայի բոլոր զոհերը»։ Խօսքերն են ասոնք Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, որոնք ան արտասանեց Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին։

Ծիրանաւորը, որ իր հանգստի շրջանին կը հիւրընկալուի Թրենթինո շրջանի «Siror» Ժողովրդապետարանի կողմէ, ընդգծեց, որ Սրբազան Հայրը բացայայտ կերպով ցանկացաւ յիշել որոշ զոհերու անունները, որոնք ըստ Կարդինալ Փարոլինի «կը ներառեն Կազայի ողբերգութեան բոլոր զոհերը», քանզի շարունակեց ան «տարբերութիւն չկայ մէկի կամ միւսի միջեւ», «բոլորը կ’ենթարկուին անընդունելի բռնութեան, բոլորը զոհ են մի հակամարտութեան, որ պէտք է հնարաւորինս շուտ աւարտուի»։ «Մենք իսկապէս կը զգանք անոնց ներկայութիւնը մեր սիրտերուն մէջ, եւ անոնց բոլորի համար, մեզ բոլորիս համար, կ’աղերսենք Աստուծոյ խաղաղութիւնը եւ, ամենէ կարեւորը, անոնց զոհաբերութեան շնորհիւ, այս ողբերգութեան աւարտը», եզրափակեց Վատիկանի Պետքարտւղարը։


Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2025, 08:00