Կարդինալ Փարոլինը մեկնեցաւ Փորթուկալ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրին տուած այցելութեամբ է որ սկիզբ առաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ճամբորդութիւնը Փորթուկալ` 12էն մինեչւ 14 սեպտեմբեր։
Պետական Քարտուղարութեան ԻՔՍ հարթակին վրայ հրատարակուած յայտագիրին համաձայն Ծիրանաւորը` շաբաթ 13 սեպտեմբերին Ֆաթիմայի Capelinha das Aparições մատրան մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը ապա կը տեղափոխուի Լիզպոն` ուր նախատեսուած է անցեալ 3 սեպտեմբերին պատահած Funicolar da Glória-ի արկածի վայրին մէջ աղօթքը, հուսկ կը հանդիպի Փորթուկալի Վարչապետ` Լուիս Մոնթենեկրոյի հետ ու կը մասնակցի քաղաքացիական իշխանութիւններու Յոբելեանին։
Նոյն օրը Ան կը նախագահէ Սուրբ պատարագը Nossa Senhora de Fátima Եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի` 14 սեպտեմբերին նախատեսուած է քաղաքավարական այց Հանրապետութեան նախագահ` Մարսելօ Ռեպելօ Տէ Սուզային։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ