Որոնել

Reuters Pictures 40th anniversary collection

Գերապ. Կալլակէր դատապարտեց Միանմարի մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները

Միանմարի մէջ Ռոհինճաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու հայող բարձր Մակարդակի վեհաժողովի ընթացքին Գերապ. Կալլակեր, դատապարտեց Ռոհինճաներու ծանր մարդասիրական ճգնաժամը՝ կոչ ընելով անյապաղ օգնութիւն ցուցաբերել, յարգել մարդու իրաւունքները, տրամադրել մարդասիրական օգնութիւն, երաշխաւորել կրօնական ազատութիւն և որոնել երկարաժամկէտ լուծումներ, հիմնուած ներառական երկխօսութեան և ազգային հաշտութեան վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովի ծիրէն ներս 30 սեպտեմբեր 2025-ին Նիու Եորքի մէջ կայացած բարձր մակարդակի համաժողովի ժամանակ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերպ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր խոր մտահոգութիւն յայտնեց Միանմարի Ռոհինճաներու և այլ փոքրամասնութիւններու ապրած իրավիճակի վերաբերեալ։

Ան յիշեց մէկ միլիոն 200 հազարէ աւելի գաղթական Ռոհինճաները, Հիմնականին մէջ Պանկլատէշի մէջ, ուր անոնք կ՛ապրին ծայրայեղ դժուար պայմաններուն մէջ:

Միանմարի մէջ կը մնան մօտ 630,000 մարդ՝ առանց քաղաքացիութեան և բռնութեան, սովի ու խտրականութեան զոհ, ըսաւ ի միջի այլոց Գերապ. Կալլակէրը, դատապարտելով մարդասիրական օգնութիւններու պակասը ու վերանորոգելով Սուրբ Աթոռին կոչը` որոնելու երկարատեւ լուծումներ, դիմագրաւելու համար ճգնաժամին պատճառները, խթանելով ազգային հաշտութիւն եւ կրօնի ազատութիւն։

Վատիկանի ներկայացուցիչը վերահաստատեց` որ իւրաքանչիւր անհատ ունի իր սեփական արժանապատւութիւնը եւ հիմնական իրաւունքներ ու թէ ցեղային կամ կրօնական խտրականութիւնը դատապարտելի է։ Ան խօսքը աւարտեց յիշեցնելով Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը ի սպաս ներառական երկխօսութեան` որպէս խաղաղութեան տանող միակ ճանապարհ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2025, 11:50