Որոնել

Յոյսի Տիրամօր փայտեայ արձանը Յոյսի Տիրամօր փայտեայ արձանը 

Յոյսի Տիրամօր արձանը՝ Չիլենթոյէն դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար

Յոյսի Յոբելինական տարուան առթիւ, Սան Մարքօ տի Քասթելապաթէի Յոյսի Տիրամօր սրբազան արձանը պիտի զետեղուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ՝ մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Այս նախաձեռնութիւնը կը խորհրդանշէ հաստատուն յոյսի խարիսխը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յոյսի Յոբելինական տարուան առիթով, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Խոստովանութեան խորանին քով պիտի զետեղուի Սալերնոյի Սան Մարքօ տի Քասթելապաթէ ծխական համայնքէն բերուած Յոյսի Տիրամօր փայտեայ արձանը: Այս սրբապատկերը հոն պիտի մնայ մինչեւ Յունուար 6-ի Աստուածայայտնութեան տօնը՝ ընկերակցելով Սուրբ Ծննդեան բոլոր արարողութիւններուն:

Այս արձանը պատրաստուած է 1954-ին՝ Պիոս ԺԲ Պապի հռչակած Մարեմեան տարուան առթիւ: Ան կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյսը՝ Մանուկ Յիսուսը գիրկը, մինչ աջ ձեռքով բռնած է գետինը հաստատուած ոսկեզօծ խարիսխ մը, որ կը խորհրդանշէ հաստատուն յոյսը: Արձանը վերջերս ենթարկուած է վերանորոգման՝ յատուկ Յոբելինական տարուան պատրաստութեան համար:

Յոյսի Տիրամօր հանդէպ յատուկ ջերմեռանդութիւն գոյութիւն ունի թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ՛ զբօսաշրջիկներուն մօտ: Ամէն տարի, Օգոստոսի վերջին կիրակին, մեծ շուքով կը նշուի անոր տօնը, որուն ընթացքին տեղի կ'ունենայ թափօր դէպի նաւահանգիստ, ուր կ'ընթերցուի ձկնորսներու ընծայման աղօթքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 15:28