Վատիկանը հրապարակեց 2026-ի տարեգիրքը. Կաթողիկէ Եկեղեցին կ’աճի Ափրիկէի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Վիճակագրութեան Կեդրոնական Գրասենեակը լոյս ընծայեց «2026-ի Պապական Տարեգիրքը» (Annuario Pontificio) եւ «2024-ի Եկեղեցւոյ Վիճակագրական Տարեգիրքը» (Annuarium Statisticum Ecclesiae)։ Նորագոյն տուեալները ցոյց կու տան աշխարհի տարածքին կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւի յարաբերական կայունութիւն, սակայն աշխարհագրական զգալի տեղաշարժերով։
Հաւատացեալներու թիւը
2024-ի վերջաւորութեան, աշխարհի մէջ կաթողիկէներուն թիւը հասած է 1 միլիառ 422 միլիոնի, որ կը կազմէ համաշխարհային բնակչութեան 17,8%-ը։
Ափրիկէ: Հաւատացեալներու թիւը 281 միլիոնէն բարձրացած է 288 միլիոնի (2,7% աճ)։
Եւրոպա: Կը նկատուի թիւի նուազում՝ ընդհանուր համաշխարհային տոկոսին մէջ (20,4%-էն իջնելով 20,1%-ի)։
Ամերիկա: Կը մնայ ամենաշատ կաթողիկէ բնակչութիւն ունեցող ցամաքամասը՝ աշխարհի հաւատացեալներուն 47,7%-ով։
Եկեղեցական մատակարարներ եւ առաքելութիւն
Աշխարհի տարածքին առաքելութեան լծուած անձան՝ եպիսկոպոսներ, քահանաներ, սարկաւագներ, կրօնաւորներ եւ կրօնուսուցիչներ ընդհանուր թիւը կը կազմէ շուրջ 4,4 միլիոն։
Քահանաներ: Համաշխարհային թիւը թեթեւ աճ արձանագրած է (407,421), սակայն պատկերը հակասական է. մինչ Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ քահանաներուն թիւը կ’աւելնայ, Եւրոպան կը տառապի լուրջ նուազումէ։
Մշտական Սարկաւագներ: Ասիկա եկեղեցական այն դասն է, որ ամենէն արագ աճը կ’արձանագրէ (1,3%)։
Կոչումներու տագնապ
Վիճակագրութիւնը մտահոգիչ տուեալներ կը ներկայացնէ նորընծայարաններու վերաբերեալ։ Աշխարհի տարածքին կրօնաւորական կոչումները նուազած են 2,72%-ով։ Միակ բացառութիւնը դարձեալ Ափրիկէն է, ուր նորընծաներուն թիւը աճած է 2,25%-ով, մինչ Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ անկումը շատ աւելի շեշտակի է։
Խորհուրդներու Մատակարարում
Մկրտութիւն: 2024-ին արձանագրուած է շուրջ 13 միլիոն մկրտութիւն։ Հետաքրքրական է, որ նոր մկրտուածներուն 40,7%-ը Ամերիկա ցամաքամասէն է, իսկ 31,7%-ը՝ Ափրիկէէն։
Պսակ: Կրօնական ամուսնութիւններու թիւը կը նուազի Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, բայց կ’աճի Ափրիկէի եւ Ասիոյ տարածքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ